Յհ 12.1-8 կը ներկայացնէ Տիրոջ Խօսքը հաւատքով եւ նուիրումով լսելու եւ ընդունելու լաւագոյն օրինակը: Այս հատուածին մէջ պիտի սորվինք, թէ ծառայութիւնը եւ պաշտօնները չեն, որ մեզ Տիրոջ սիրտին փափաքը յստակ կերպով կը յայտնեն, հապա խօսքը ուշի-ուշով մտիկ ընելը եւ Խօսքէն սնանիլը: