Վախը լաւ յատկութիւն մըն է, երբ մեր մեղանչական բնոյթին մէջ զգանք, կարգ մը սխալներէ կը խուսափինք: Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք, թէ տարբեր տեսակի վախեր կան, որոնք ունին տարբեր բացատրութիւններ: Կ'ուզեմ հասկնաս, թէ Աստուած կը խօսի մեր սայթաքած բնութեան: Մենք Աստուծոյ պատկերին նմանութիւնը ունինք եւ այդ նմանութիւնը Աստուծոյ արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն կը գործէ: Արդեօք Աստուած բանէ մը վախնալուն պատճառո՞վ որոշումներ կառնէ, ոչ թէ Իր սուրբ, արդար եւ կատարեալ ըլլալուն համար: Վախէն ազդուած շարժիլը սխալ վիճակ մը կամ հիւանդութիւն մըն է, որ քեզ ներքնապէս չի շիներ, այլ կը քանդէ: