I. Շնորհքները միայն հաւատքով կը կիրարկուին:
- Եթէ մեր շնորհքներուն եւ Տիրոջ կողմէ թելադրուածներուն.
- Սրտանց հնազանդինք
- Դժուարութեան ատեն չյուսահատինք
- Ուշացման պարագային չդժգոհինք
- Յարմար ժամանակին Աստուծոյ նպատակը երեւան պիտի ելլէ:
II. Յովսէփ հաւատաց երազին (Ծն 37.5,9-10):
- Յովսէփ երազներ տեսնելու եւ զանոնք մեկնելու շնորհքը ունէր:
- «Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց […]» (հմր 5):
- «Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ ու զանիկա իր եղբայրներուն պատմեց ու ըսաւ. “Ահա երազ մըն ալ տեսայ: Ահա արեւն ու լուսինը ու տասնըմէկ աստղեր ինծի երկրպագութիւն ըրին”: Երբ իր հօրը ու եղբայրներուն պատմեց, հայրը յանդիմանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. “Ի՞նչ է այս քու տեսած երազդ. միթէ ես ու քու մայրդ եւ քու եղբայրներդ իրաւցնէ՞ պիտի գանք մինչեւ գետին քեզի խոնարհութիւն ընելու”» (Ծն 37.9-10):
- Յովսէփի տեսած երազը իրեն իշխանութիւն կը խոստանար:
- Բայց երբ այդ մասին արտայայտուեցաւ, եղբայրները եւ նոյնիսկ հայրը յանդիմանեցին զինք:
- Այդ միջոցին, Սատանան՝ եղբայրներուն ատելութիւնը օգտագործելով, պատճառ եղաւ, որ Յովսէփ Եգիպտոս գերութեան ղրկուի:
- Թշնամին կը պատերազմի մեր շնորհքներուն դէմ եւ կը փորձէ զանոնք գործածելէն հեռու պահել մեզ:
- Յովսէփ հաւատարիմ մնաց Աստուծոյ եւ հաւատաց իր շնորհքին:
- Ան իր հաւատքով շնորհք գտաւ Պետափրէս դահճապետին առջեւ, որ իր կարգին զայն իր ամբողջ ստացուածքին վրայ վերակացու դրաւ (Կարդա՛ Ծն 39.4):
- Սատանան հակառակեցաւ կիրքի ճամբով
- Տեսնելով, որ Յովսէփ յաջողութիւն կը գտնէ եւ Աստուծոյ կողմէ եղած խոստումին պիտի արժանանայ, Սատանան Պետափրէս դահճապետին կնոջ միջոցաւ սուտ զրպարտութիւն ըրաւ եւ բանտ դնել տուաւ Յովսէփը:
- Հմր 21- «Բայց Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր» (Կարդա՛ Ծն 39.7-21):
- Բանտին մէջ կային թագաւորին գլխաւոր մատռուակը եւ գլխաւոր հացագործը: Հոն անոնց երազները մեկնեց եւ անոր մեկնութիւնը իրականացաւ (Կարդա՛ Ծն 40.1-23):
- Յովսէփ թագաւորին առջեւ հասաւ:
- Ժամանակ մը ետք, Փարաւոն թագաւորը երազ մը տեսաւ, սակայն զանիկա մեկնող չգտնուեցաւ (Ծն 41.1-45):
- Մատռուակապետը յիշեց Յովսէփի կարողութիւնը եւ այդ մասին պատմեց թագաւորին (հմր 9):
- Թագաւորը հրաման ըրաւ, որ Յովսէփը իր առջեւ բերեն (հմր 14):
- Յովսէփը բանտէն հանեցին եւ թագաւորին քով բերին:
- Յովսէփ իր շնորհքով մեկնեց երազը ու Եգիպտոսի երկրին կառավարիչը եղաւ (Կարդա՛ Ծն 41.1-45):
- Յովսէփ երկար ժամանակ իր հաւատքին եւ շնորհքին համար հալածուեցաւ Սատանային կողմէ: Սակայն հաւատարիմ ըլլալուն պատճառով, Յովսէփ կրցաւ խոստումը կատարուած տեսնել:
III. Իրենց տրամաբանութեամբ դիտելնուն պատճառով, շատեր մերժած են եւ դէմ դրած են շնորհքին ու խոստումներուն: Օրինակի համար՝ Ասորի Նէեմանը:
- Ան բուժուեցաւ մարգարէին խօսքով (Դ.Թգ 5):
- Նէեման Ասորիներու թագաւորին զօրագլուխն էր, բայց բորոտ էր (հմր1):
- Ան լսեց, որ Իսրայէլի մէջ կար մարգարէ մը, որ կրնար բժշկել զինք բորոտութենէն (հմր 2-3):
- Ասորիներու թագաւորը անոր հետ Իսրայէլի թագաւորին նամակ մը ղրկեց, ըսելով. «[…] “Արդ, երբ այս նամակը քեզի հասնի, գիտցած ըլլաս որ իմ ծառաս Նէեման քեզի կը ղրկեմ, որպէսզի զանիկա իր բորոտութենէն բժշկես”» (հմր 6):
- Կարդալով նամակին բովանդակութիւնը, Իսրայէլի թագաւորը վախցաւ եւ հանդերձները պատռեց (հմր 7):
- Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլալով հանդերձ, պահանջուած հրաշքը կատարելու կարող Աստուածը չէր ճանչցած:
- Եղիսէ մարգարէ արթուն կերպով Աստուծոյ շնորհքը ստանալու նուիրուած անձ մըն էր (կարդա՛ Դ.Թգ 2.1-14):
- Իր ունեցած շնորհքին կը հաւատար (Դ.Թգ 2.13-14):
- Երբ թագաւորին ըրածները լսեց, լուր ղրկեց, ըսելով. «Թող անիկա ինծի գայ ու գիտնայ, թէ Իսրայէլի մէջ մարգարէ կայ [...]» (հմր 8):
- Նէեման Եղիսէի քով գնաց, եւ Եղիսէ ըսաւ. «Գնա՛ Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս» (Դ.Թգ 5.10):
- Նէեման բժշկուելու համար շնորհքին չհաւատաց սկիզբը:
- Յատուկ ծէս մը կ'երեւակայէր, որ պէտք էր ըներ (տե՛ս Դ.Թգ 5.11-12):
- Երբ Աստուծոյ շնորհքը իր ակնկալութենէն տարբեր ձեւ մը առաջարկեց, ան չկրցաւ ընդունիլ այդ ձեւը եւ այդ պատճառով բարկացաւ:
- Այդ ջուրին մէջ շատեր կը լուացուէին, սակայն ո՛չմէկը կը բժշկուէր:
- Բայց Նէեման Աստուծոյ խօսքին հնազանդելով մտաւ անոր մէջ, եւ «Անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմինին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ» (հմր 14):
- Երբ Աստուծոյ շնորհքը իր ակնկալութենէն տարբեր ձեւ մը առաջարկեց, ան չկրցաւ ընդունիլ այդ ձեւը եւ այդ պատճառով բարկացաւ:
- Յատուկ ծէս մը կ'երեւակայէր, որ պէտք էր ըներ (տե՛ս Դ.Թգ 5.11-12):
- Երբ Յիսուսի հետեւող աշակերտները տրամաբանութեամբ ընկալեցին Անոր խօսքերը, ըսին. «Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել» (Յհ 6.60):
- Տիրոջ խօսքին հաւատալով բժշկուեցաւ ի ծնէ կոյրը եւս, երբ Յիսուսի խօսքին հնազանդելով գնաց եւ Սելովամի մէջ աչքերը լուաց (Կարդա՛ Յհ 9.1-7):
- Դուն ալ Աստուծոյ խոստումները պիտի տեսնես, եթէ վստահութեամբ ՇՆՈՐՀՔԻԴ ՀԱՒԱՏԱՍ: