Յիսուս կը յայտնէ Իր Աստուածային ինքնութիւնը եւ առատօրէն տալու փափաքը, բայց նաեւ յստակ ձեւով կը պարզէ մարդուն բաժինը: Քրիստոսով, մեր մէջ կը գտնուի յարութեան զօրութիւնը, բայց հաւատքն է, որ կ'օգնէ, որ յարութիւնը իրականութիւն դառնայ:
(Մտ 9.27-31) Յայրոսին տունէն ելլելէն եւ անոր աղջկան յարութիւն տալէն ետք երբ Յիսուս կ'երթար հանգիստ ընելու, երկու կոյրեր Անոր ետեւէն ինկան: Իրենց սրտին մէջ բժշկութեան փափաքը կար եւ կը հաւատային, որ Յիսո՛ւս էր իրենց աչքին լոյսը տուողը: Անոնք ըսին «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ որդի» եւ այսպիսով հռչակեցին թէ կը ճանչնային, որ Յիսուս ողորմութիւն էր եւ Դաւիթի որդին էր (Հրեաները ընդունած էին, որ Մեսիան Դաւիթի սերունդէն պիտի գար):
Երբ անոնք Յիսուսի ետեւէն տուն մտան, Յիսուս անոնց հարց տուաւ ՝ «Կը հաւատա՞ք, թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել» (Մտ 9.28):
Յիսուս ուզեց ցոյց տալ մարդուն բաժինը, որ հաւատալն է: Այս մարդիկը իրենց հաւատքը ցոյց տուին՝ առանց կենալու, բոլոր մարդոց առջեւ Յիսուսի ետեւէն երթալով: Անոնք իրենց սիրտին մէջ ճանչցան այն բառերը, որոնք իրենց շրթներէն դուրս կու գային:
Այսօր մենք ունինք կատարեալ յոյս մը, որով Աստուծոյ ներկայութեան կու գանք (Հռ 7.19): Մենք կրնանք համարձակութեամբ գալ Աստուծոյ ներկայութեան, ուր Յիսուս մեզի համար բան մը պատրաստած է (Եբր 4.16):
Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի» (Մտ 9.29): Յիսուս զիրենք քանի մը հանգրուաններէ անցուց, որպէսզի միայն չսպասեն, այլ հաւատքով քայլ առնեն, իսկ երկու կոյրերը իրենց կեցուածքով իրենց հաւատքը հռչակեցին: Յիսուս դպաւ անոնց աչքերուն ու իրենց բժշկութեան համար փափաք յայտնեց:
Յիսուսի գործին հանդէպ մեր կեցուածքը կարեւոր է: Օծութիւնը մարդոց մէջ էր, բայց անոնց հաւատքն էր որ բժշկութիւն պիտի բերէր:
Յիսուս «այո՛»-ն դրած է մեր կեանքերէն ներս: Մեր միակ ընելիքը առնելն է: