Անցեալ շաբաթ տեսանք Յիսուսի սէրը եւ փափաքը բորոտը բժշկելու եւ զայն իր սիրելիներուն վերադարձնելու (Մտ 8.1-4): Հարիւրապետին ծառային բժշկութեան պատմութեան մէջ կը տեսնենք Յիսուսի փափաքը,գնահատանքը եւ իշխանութիւնը (Մտ 8.5-13: Ղկ 7.1-10):
Երբ հռոմայեցի հարիւրապետի մը ծառան հիւանդացաւ,ան ինքզինք արժանի չտեսաւ անձամբ Յիսուսի մօտ երթալու: Հարիւրապետին կողմէ ղրկուած կարգ մը Փարիսեցիներ եւ այդ ժամանակուան կրօնականներէն մէկ քանին Յիսուսի գալով Անոր աղաչեցին հարիւրապետին ծառային բժշկութեան համար: Անոնք թախանձեցին,որովհետեւ չէին ճանչցած Յիսուսը,ո՛չ ալ Անոր փափաքը (Ղկ 7.1-5):
Երբ հարիւրապետը լսեց,որ Յիսուս անձամբ պիտի գար,ինքզինք արժանի չտեսաւ Յիսուսը իր տունը հիւրընկալելու եւ մարդիկ ղրկեց,որ ըսեն Անոր որ չգայ,այլ միայն հրաման տայ,որպէսզի իր ծառան բժշկուի (Ղկ 7.6-9): Այսպիսով ան յայտնեց,թէ ինք ճանչցած էր Յիսուսի իշխանութեան տարողութիւնը,որովհետեւ ինք եւս իշխանութեան տէր մարդ էր եւ զինուորները կը հնազանդէին իր տուած բոլոր հրամաններուն:
Հրեաներու համար հեթանոսի մը տունը մտնելը պղծուիլ կը նշանակէր,բայց Յիսուս,անտեսելով պղծուելու այդ գաղափարը,պատրաստ էր երթալու հարիւրապետին տունը՝ ցոյց տալու համար,թէ Իր սիրոյն եւ փափաքին դիմաց որեւէ անէծք չի կրնար կանգնիլ: Այս անգամ հարիւրապետը ինք անձամբ գնաց Յիսուսի մօտ եւ Անոր առջեւ երկրպագելով՝ իր տեսակէտը պարզեց (Մտ 8.5-9): Ան նորէն կրկնեց,թէ կը հաւատար Յիսուսի գերադաս իշխանութեան եւ թէ այդ իշխանութիւնը սահմանափակուած չէր տեղի մը մէջ: Ան հաւատաց,որ եթէ Յիսուս միայն խօսքով հրամայէ իր եղած տեղէն,իր ծառան պիտի բժշկուի:
Յիսուս զարմացաւ այս մարդուն հաւատքի չափին վրայ: Հարիւրապետը իր հաւատքով Յիսուսի սիրտը շարժեց եւ Անոր գնահատանքին արժանի եղաւ: Յիսուս անոր ըսաւ՝ « […] ինչպէս դուն հաւատացիր,այնպէս թող ըլլայ քեզի» (Մտ 8.10-13):
Երբ Յիսուս այս խօսքերը հռչակեց,ծառան հոն ներկայ չէր,բայց Յիսուսի իշխանութեան ներկայութիւնը ամէն տեղի մէջ բժշկեց տան մէջ գտնուող ծառան: Աստուծոյ իշխանութիւնը ամէն տեղի մէջ է (Գրծ 17.28) եւ ատիկա երեւան ելաւ հարիւրապետին հաւատքով:
Յիսուս ուզեց ցոյց տալ,թէ հաւատքի մասին գիտնալը չէ,որ Իր սիրտը կը շարժէ: Ան բարձրացուց այն հաւատացեալը,որ ինքզինք հեթանոս եւ անարժան կը սեպէր եւ անոր ցոյց տուաւ,թէ ան իր հաւատքով իշխանութիւն ունէր Աստուծոյ ներկայութեան մտնելու եւ հոն գտնուող իշխանութենէն օգտուելու:
Յիսուս իր խօսքով իշխանութիւն յանձնեց այս մարդուն,եւ այսօր մեզի եւս այդ իշխանութիւնը կը յանձնէ (Մտ 18.18-20): Ճանչնա՛նք թէ՛ Յիսուսի եւ թէ՛ Անոր կողմէ մեզի տրուած իշխանութիւնը,եւ խօսինք մեր կեանքի դժուարութիւներուն: Յիսուսի օրինակով,իշխանութիւնը չգործածենք մարդկային սկզբունքներուն համաձայն,այլ՝ Աստուծոյ սիրով: