Լերան քարոզին մէջ Յիսուսի ուսուցումները կը թելադրեն մեր կեանքերուն մէջ ներքին փոփոխութիւն կատարել եւ ո՛չ՝ սոսկ արտաքին ձեւակերպութիւն ընել:
Մատթէոսի Աւետարանին 7-րդ գլուխին մէջ, Յիսուս կը խօսի նեղ դրան եւ լայն դրան մասին եւ կ'ըսէ՝ «[…] Վասնզի լայն է այն դուռը եւ ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն» (Մտ 7.13-14):
Լայն դուռը եւ ընդարձակ ճամբան բազմութիւնը կը գրաւեն եւ իրենց մէջ կը պահեն: Շատ են այդ դռնէն ներս մտնողները: Ճամբու ընթացքին, անոնք բացարձակ ազատութիւն կը վայելեն՝ ընելու այն, ինչ որ իրենց աչքին հաճոյ կ'երեւնայ. այդ ընթացքին կիրքի ախորժակը չի քննուիր եւ չի յանդիմանուիր: Անոնք կ'ընթանան իրենց սիրտին ու աչքին հաճելի եղածին պէս (Ծն 3.6): Քալողներուն դիմաց բնաւ ցանկապատ չկայ եւ այդ դռնէն ներս տարբեր տեսակի մեղքերու ճամբաներ կան:
Շատեր այդ դուռը կ'ընտրեն, որովհետեւ խաբուելով մեծամասնութեան կը հետեւին: Անոնք որոնք այս ճամբան կ'ընտրեն, Աստուծմէ հեռու ըլլալով՝ դէպի կորուստ կ'երթան:
Նեղ դուռը դարձի եւ վերակառուցման դուռն է, որմէ կը մտնենք հաւատքով եւ զԱստուած պաշտելով: Հոն կ'ապրինք շնորհքի տակ եւ մեղքէն ազատ: Նեղ դուռը դժուար կը գտնուի, որովհետեւ զոհողութեան գին կը պահանջէ: Այդ դռնէն ներս կ'ապրինք նոր սիրտով՝ վատ սովորութիւններէ հեռու եւ ճշմարտութեան համար պայքարելով:
Քիչեր կը գտնեն այս դուռը եւ շատեր անոր քովէն կ'անցնին, բայց անհոգութեան պատճառով չեն տեսներ զայն: Ուրիշներ տեսնել չեն ուզեր զայն կամ չեն մտներ անկէ, որովհետեւ չեն ուզեր սահմանափակ եւ «զրկումներով» լեցուն կեանք մը ապրիլ:
Նկարագիրի կրթութիւնը անհրաժեշտ է Քրիստոնեային համար (Մտ 7.21-23):Տուն շինողները անոնք են, որոնք խօսքը կը լսեն ու կը կատարեն: