Այս համարին մէջ Յակոբոս առաքեալ Աստուծոյ ժողովուրդին անդամներուն անգործնական եւ խաբուած հաւատքի պարծանքն է, որ կը դատապարտէ: Յակոբոս կ'ըսէ. «[…] Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել»: «Փրկել» բառին յունարէնը«սոզօ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ ապահով պահել, ամբողջ ընել, բժշկել, վտանգէ, դեւերէ, կործանումէ, տագնապէ, չարչարանքէ եւ կորուստէ ազատել: