Մարդը հրաւիրուած է Քրիստոսով Աստուծոյ հանգիստը ապրելու:
Եբրայեցիները իրենց հոգեւոր պատերազմին մէջ դժուարութիւններ ունեցան եւ շուարած էին, հաւատքէ իյնալու չափ: Այդ վիճակը յառաջ եկած էր իրենց շուրջի երեւոյթներուն եւ պատահարներուն վրայ կեդրոնանալէն: Նոյնը կրնայ պատահիլ բոլոր հաւատացեալներուն, եւ այդպիսով անոնք հանգիստէն կը զրկուին:
Ի՞նչ է հաւատքը եւ ի՞նչպէս զանիկա ապրիլը մեզի կու տայ Քրիստոսով խոստացուած հանգիստը: