Աւետարանը մեզի կ'իմացնէ, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է եւ Աստուած, որ աշխարհ եկաւ եւ կոյսէն ծնաւ, մեր փրկութեան համար, սկիզբէն եղած խոստումներուն համաձայն (Ես 7.14):
Մարգարէութիւնները կը յայտնեն, թէ իշխանութիւնը Անոր ուսին պիտի ըլլայ (Ես 9.6), որպէսզի մինչեւ յաւիտեան Աստուծոյ նախանձը կատարէ:

Աստուածաշունչը իր ամբողջութեամբ Քրիստոսի մասին խօսելով մեզի կը յայտնէ, թէ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գիրք, նիւթ, անուն եւ ստորոգելի Յիսուսի մասին կը խօսի (Յհ 5.39):

Փրկիչը Պիտի Ազատէ Մեզ Եւ Առողջութիւն Բերէ Մեզի

Աստուածաշունչը Յիսուսը իբրեւ Փրկիչ կը ներկայացնէ, որ Իր արեան հեղումով պիտի ազատէ մեզ մեր տառապանքներէն եւ թշնամիներէն. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, Վասն զի Տէրը զիս օծեց Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն՝ ազատութիւն Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու» (Ես 63.1):

  •  Փրկագործութեան եւ Ուխտին կապուած ուրիշ խոստում մըն ալ ունի աստուածաշունչը, որ փրկութեան հետ համահաւասար կը գործէ, եւ հիւանդութիւնը մեր կեանքերէն վերցնելու կը վերաբերի (Եր 32.40-41, 33.6,9) «Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինձմէ չխոտորին: Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ»:

Յիսուսի Աստուածութիւնը Աստուածաշունչին Համաձայն

Աստուածաշունչը կը յայտնէ մեզի, թէ Յիսուս Աստուած է, մեր հոգիին ու մարմինին Փրկիչն ու բժիշկը:
- Յիսուս Աստուած է եւ Հայր (Յհ 14.8-12):
- Աստուծոյ փառքին լոյսը եւ էութեան ճշգրիտ պատկերն է: Ան ամէն ինչի ժառանգորդ է, մեզի համար (Եբր 1.3: հմմտ Հռ 8.17):
- Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան լիութիւնը (Կղ 1.9):
- Քրիստոսի աստուածութեան հանդէպ մեր հաւատքը կ'աճի Անոր մասին լսելով (Հռ 10.14-17):
- Ան մեզի համար իր փառքէն խոնարհեցաւ, զոհուեցաւ, փառաւորուեցաւ եւ մեզի համար բոլոր անուններէն բարձր անունի արժանացաւ, որպէսզի իր անունին առջեւ ծունկի գան բոլորը (Փլպ 2.5-11):

Աստուծոյ Ծրագիրը Եւ Նպատակը Յիսուսով Մեզի Համար

- Մեզ Նորէն Իր փառքին արժանացնելու համար (Եբր 2.8-18)
- Մահէն եւ հետեւանքներէն ազատելու եւ մեր կեանքերը իր փառքով լեցնելու համար (Եփ 2.1-10)
- Զոհուելովը ազատութիւն բերելու համար (Ա.Պտ 2.22-25)
- Մեր ցաւերը “knolee” (հիւանդութիւնները) վերցնելու համար (Ես 53.4)
- Իր ուրախութիւնը կատարելութեան հասցնելու համար (Եր 32.40-41)
- Ան միայն բժշկութիւն տալու չեկաւ, այլ հիւանդութեան իշխանութիւնը վերցուց մեզմէ «Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ»: (Եր 33.6):
- Աստուծոյ անունը ազգերուն մէջ բարձրացնելու համար բժիշկը պիտի ըլլայ «Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ» (Եր 33.9):

Պիտի չարտօնէ որ հիւանդութիւնը մօտենայ Զինք ընդունողներուն «Եւ ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ» (Ելք 15.26):

Յիսուս Եկաւ Որպէսզի Մեզ Սատանայէն Ազատէ

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Յիսուս եկաւ, որպէսզի.
- Դատապարտութեան վճիռէն ազատէ (Կղ 2.11-15)
- Սատանային գործունէութեան վերջ դնէ (Ա.Յհ 3.8)
- Մահուան գերութենէն եւ ստրկութենէն ազատէ (Եբր 2.14)
- Մեր մահկանացու մարմինները բժշկէ (Հռ 8.11: Գրծ 10.38)

Յիսուսի Գործերը Կը Հաստատեն Իր «Մեսիա» Քրիստոսը Ըլլալը

Յիսուսի գործերը Անոր Մեսիական ինքնութիւնը ցոյց կու տան
(Մտ 11.2-6: Ես 35.5-6, 61.1: Յհ 5.36, 10.38):

Հրաշքները Նշաններ Են Թէ Քրիստոս Փրկիչ Է

Հրաշքները եւ բժշկութիւնները տրուած նշաններ են, որպէսզի ենթական ներքնապէս ճանչնայ յաղթութիւնը եւ գիտնայ զանազանել բարին չարէն, խաւարը լոյսէն (Ղկ 4.31-37, Յհ 9.1-7, 13-18, 24-34):

 

Նախորդ Հրապարակում Յարաբերութիւն՝ Փորձառութեամբ (Ելք 19.1 -- 20.26)
Յաջորդ Հրապարակում Պաշտէ Քու Տէր Աստուածդ (Ելք 25, 28.1-42)