Այս պատմութեան մէջ կը տեսնենք Տէր Յիսուսի կատարեալ, անսահման եւ անվրէպ սէրը: Կը տեսնենք նաեւ Տէր Յիսուսին մօտենալու եւ բժշկութիւն ստանալու համար բորոտին համարձակութիւնը: