Կարդա՛ Ելք 27.20-21
«Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէսզի կանթեղները միշտ վառին: 21Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ»:
Տէրը կը պատուիրէ, որ Իսրայէլի որդիները մաքուր, ծեծուած իւղ բերեն լոյսի համար:
Աստուածաշունչի պարունակին մէջ շատ յստակ կերպով կը տեսնենք այդ պատուէրին տրուելուն նպատակը եւ ատիկա մեզ կը մղէ, որ աշխատինք վառիլ լոյսի պէս:
Կարդա՛ Մտ 5.14
«Դուք էք աշխարհի լոյսը: Լերան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուըտիլ»:
Խորանին Մէջ Վառող Լոյսը
Խորանին մէջ վառող լոյսը կը պատրաստուէր ծեծուած մաքուր ձէթի իւղով:
Իսրայէլացիներուն համար ձիթապտուղի ծառ ունենալը չէր նշանակեր միայն ձիթապտուղ ուտել, հապա՝ իրենց միտքին մէջ միշտ ունէին անկէ իւղ հանելը եւ խորանին մէջ զանիկա վառելը:
Ձիթապտուղի Ծառը
- Կը շարժեն:
- Կը զարնեն:
- Կը ծեծեն:
- Կը ճզմեն:
Ձիթապտուղի Ծառը
Երբ ձիթապտուղի ծառը պտուղ կու տայ եւ ժամանակը կը հասնի զանիկա քաղելու, լաւ մը կը շարժենզանիկա եւ ծառին բոլոր ճիւղերուն կը զարնեն, որպէսզի ձիթապտուղները թափին վրայէն:
Անկէ ետք, պտուղները կը հաւաքեն եւ զանոնք լաւ մը կը ծեծենկամ կը ճզմենեւ այդ գործողութենէն ելած հիւթով կը պատրաստեն մաքուր իւղ, զոր կը գործածեն լոյսը վառելու համար:
Նախատեսուած Տիրոջ Կողմէ Սկիզբէն
Ծն 8.11 - «Ու իրիկուան դէմ աղաւնին անոր եկաւ եւ ահա իր բերանը ձիթենիի նոր փրցուած տերեւ մը կար, ուստի Նոյ գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են»:
Ջրհեղեղէն ետք, երբ ջուրերը կը պակսէին, Նոյին արձակած երկրորդ աղաւնին վերադարձաւ՝ իր բերնին ձիթենիի ճիւղ մը ունենալով: Նոյ հասկցաւ, թէ ջուրերը, որոնք դատաստանի համար էին, սկսած էին պակսիլ եւ երկրի վրայ կեանքը շարունակուելու ժամանակը հասած էր:
Մինչեւ օրս ատիկա նաեւ խաղաղութեան նշան կը նկատուի:
Այլաբանականօրէն աղաւնին կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին: Իսկ ձիթենիի թարմ ճիւղը եւ ոչ ուրիշ ճիւղ բերելը օրինակ մըն է ձիթենիին եւ անկէ մաքուր իւղ հանելուն:
Տէրը կը փափաքէր, որ Նոյ եւ անոր որդիները ըլլային լոյսը սկսելիք նոր աշխարհին:
Ջրհեղեղով եկած դատաստանը վերջացաւ եւ նոր կեանք սկսաւ խաղաղութեան հռչակուելովը եւ նշանովը:
Փրկագործութեան ալ կը յաջորդեն Սուրբ Հոգին եւ օծութիւնը՝ աշխարհը լուսաւորելու համար (տե՛ս Ծն 8.11: Գրծ 2.4):
Սաղմոս 52.8-9
Սաղմոսողը կ'ըսէ. «Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ. Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից: 9Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան, որ այս բանը կատարեցիր ու քու անուանդ պիտի յուսամ, վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ» (Սղ 52.8-9):
Սղ 128.3 - «Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ քու տունէդ ներս ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան քու սեղանիդ չորս կողմը»:
Միացանք Իսկական Ձիթենիին՝ Քրիստոսի (Հռ 11.17,24)
Հռ 11.17 - «Ճիշդ է որ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, եւ դուն՝ որ վայրի ձիթենի մըն էիր՝ անոնց տեղ պատուաստուեցար եւ այդ ձիթենիին արմատներէն եկող հարուստ աւիշը ըմպեցիր»:
Հռ 11.24 - «Եթէ դուն, որ իսկա¬կանին մէջ վայրի ձիթենի մըն էիր, կտրուեցար եւ պատուաստուեցար ընտանի ձիթենիին վրայ որ քու բունդ չէր, որքա՜ն աւելի դիւրութեամբ պիտի պատուաստուին նոյն այդ ձիթենիին բնական ճիւղերը»:
Տէր Յիսուս Իր փրկագործութեամբ ազատեց Եկեղեցին աշխարհի հետ դատապարտուելէն եւ տուաւ խաղաղութեան նշանը եւ միջոցը, որն է՝ Քրիստոսի միանալով ձիթապտուղ տալ եւ անկէ իւղ ունենալ, այլ խօսքով՝ Սուրբ Հոգիով օծութիւն ունենալ եւ աշխարհի մէջ Անոր լոյսը արտացոլացնել:
- Քրիստոսի միանալով մեր ձիթենիները՝ կեանքերը, պտուղ պիտի տան, որուն ուրախութիւնը մեծ պիտի ըլլայ, կ'ըսէ Տէրը (տե՛ս Ես 24.13):
- Ես 24.13 - «Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ, թօթուըուած ձիթենիի պէս ու այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս պիտի ըլլայ»:
- Քու կեանքդ Քրիստոսով պիտի նմանի ճիւղերը տարածուած ձիթենիին՝ վայելչութիւնով եւ անուշահոտութիւնով (Ովս 14.6):
- Ովս 14.6 - «Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին, անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ, անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ»:
- Բոլոր ազգերը Քրիստոսով Աստուծոյ բերել (տե՛ս Հռ 11.17,24)
- «Ճիշդ է որ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, եւ դուն՝ որ վայրի ձիթենի մըն էիր՝ անոնց տեղ պատուաստուեցար եւ այդ ձիթենիին արմատներէն եկող հարուստ աւիշը ըմպեցիր»:
Հաւատացեալը՝ Ձիթենիի Ծառի Պէս
Ապաշխարութեամբ միացար Քրիստոսի եւ կեանքիդ ծառը սկսաւ պտուղ բերել, ինչ որ բնական է: Եւ պէտք է ուրախանաս երբ ծեծեն կամ թօթուեն քեզ, որպէսզի քու ձիթապտուղդ՝ պարգեւներդ աշխատին: Բնական է, որ ճզմեն քեզ, որպէսզի Սուրբ Հոգիին օծութիւնը քու միջոցաւդ գործէ եւ իւղի պէս լոյս տայ աշխարհին, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին գերբնական պարգեւները եւ Անոր պտուղները քեզմով գործեն աշխարհի վրայ: