Աւետարանը մեզի կը տեղեկացնէ, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է եւ Աստուա՛ծ, որ աշխարհ եկաւ եւ կոյսէն ծնաւ, մեր փրկութեան համար, սկիզբէն եղած խոստումներուն համաձայն (Ես 7.14):

Մարգարէութիւնները կը յայտնեն, թէ իշխանութիւնը Անոր ուսին պիտի ըլլայ (Ես 9.6), որպէսզի մինչեւ յաւիտեան Աստուծոյ նախանձը կատարէ:

Աստուածաշունչը Իր Ամբողջութեամբ Քրիստոսի Մասին Կը Խօսի

Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գիրք, նիւթ, անուն եւ ստորոգելի Յիսուսի մասին կը խօսի (Յհ 5.39):

Փրկիչը Պիտի Ազատէ Մեզ Եւ Առողջութիւն Բերէ Մեզի

Աստուածաշունչը Յիսուսը կը ներկայացնէ իբրեւ Փրկիչ, որ իր արեան հեղումով պիտի ազատէ մեզ մեր տառապանքներէն եւ թշնամիներէն (Ես 63.1: Դ.Թգ 3.1-25): Փրկագործութեան եւ Ուխտին կապուած այլ խոստում մըն ալ կայ, որ կը վերաբերի մեր մարմնաւոր հիւանդութիւնը մեր կեանքերէն վերցնելու (Եր 32.40-41, 33.6, 9):

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ Յիսուս Աստուած է՝ մեր հոգիին ու մարմինին Փրկիչն ու Բժիշկը:

  • Յիսուս Աստուած է եւ Հայր (Յհ 14.8-12):
  • Ան Աստուծոյ փառքին լոյսը եւ էութեան ճշգրիտ պատկերն է: Ան ամէն ինչի ժառանգորդ է, մեզի համար (Եբր 1.3):
  • Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան լիութիւնը (Կղ 1.9):
  • Քրիստոսի աստուածութեան նկատմամբ մեր հաւատքը կ'աճի Անոր մասին լսելով (Հռ 10.14-17):
  • Ան մեզի համար իր փառքէն խոնարհեցաւ, զոհուեցաւ, փառաւորուեցաւ եւ մեզի համար բոլոր անուններէն բարձր անունի արժանացաւ, որպէսզի իր անունին առջեւ ծունկի գան բոլորը (Փլպ 2.5-11):

Մեզի Համար Աստուծոյ Ծրագիրը Եւ Նպատակը՝ Յիսուսով

  • Մեզ նորէն Իր փառքին արժանացնելու համար (Եբր 2.8-18):
  • Մահէն եւ անոր հետեւանքներէն ազատելու եւ մեր կեանքերը իր փառքով լեցնելու համար (Եփ 2.1-10)
  • Զոհուելովը ազատութիւն բերելու համար (Ա.Պտ 2.22-25)
  • Մեր ցաւերը կամ հիւանդութիւնները, եբրայերէնով՝ «խոլի» (“kholee”), վերցնելու համար (Ես 53.4) [Enhanced Strong’s Lexicon]
  • Իր ուրախութիւնը կատարելութեան հասցնելու համար (Եր 32.40-41):
  • Ան միայն բժշկութիւն տալու չեկաւ, այլ՝ հիւանդութեան իշխանութիւնը վերցուց մեզմէ (Եր 33.6):
  • Աստուծոյ անունը ազգերուն մէջ բարձրացնելու համար բժիշկը պիտի ըլլայ (Եր 33.9):
  • Պիտի չարտօնէ, որ հիւանդութիւնը մօտենայ Զինք ընդունողներուն (Ելք 15.26):

Յիսուս Եկաւ Որպէսզի Մեզ Սատանայէն Ազատէ

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Յիսուս եկաւ, որպէսզի.

  • Մեզ դատապարտութեան վճիռէն ազատէ (Կղ 2.11-15):
  • Սատանային գործունէութեան վերջ դնէ (Ա.Յհ 3.8):
  • Մահուան գերութենէն եւ ստրկութենէն ազատէ (Եբր 2.14):
  • Մեր մահկանացու մարմինները բժշկէ (Հռ 8.11: Գրծ 10.38):

Յիսուսի Գործերը Կը Հաստատեն Իր «Մեսիա»՝ Քրիստոսը, Ըլլալը

Յիսուսի գործերը Անոր Մեսիական ինքնութիւնը ցոյց կու տան

(Մտ 11.2-6: Ես 35.5-6, 61.1: Յհ 5.36, 10.38):

Հրաշքները Նշաններ Են Թէ՝ Քրիստոս Փրկիչ Է

Հրաշքները եւ բժշկութիւնները տրուած նշաններ են, որպէսզի ենթական ներքնապէս ճանչնայ յաղթութիւնը եւ գիտնայ զանազանել բարին չարէն, խաւարը լոյսէն (Ղկ 4.31-37: Յհ 9.1-7, 13-18, 24-34):

Նախորդ Հրապարակում Խօսէ՝ Պայմաններուն
Յաջորդ Հրապարակում Յիսուսի Աստուածութիւնը Եւ Փաստերը Զանազան Ձեւերով