Ա. «Թիթեմի»-Tithemi

  1. Ա.Կր 12.18-ին եւ 28-ին մէջ Պօղոս առաքեալ կը գործածէ յունարէն «թիթեմի» բառը, որ կը նշանակէ՝ դնել, կարգել, օծել եւ զետեղել:
    • «18 Բայց Աստուած անդամներէն իւրաքանչիւրը դրաւ մարմինին մէջ, այնպէս՝ ինչպէս ինք կամեցաւ»:
    • «28 Այդ մարմինին, այսինքն՝ *եկեղեցիին մէջ Աստուած բազմաթիւ անդամներ կարգեց՝ զանազան ծառայութեանց համար ...»:
  2. Յունական հեթանոսական մշակոյթին մէջ երբ մեհեան մը կը կառուցէին, կը բերէին չաստուծոյն արձանը եւ կը զետեղէին անոր մէջ: Ատկէ ետք էր, որ մեհեանը սրբավայր կը համարուէր եւ հոն ծառայութիւն կը կատարէին:
  3. Պօղոս առաքեալ «թիթեմի» բառով կը բացատրէ շնորհքներուն եւ պարգեւներուն եկեղեցիին մէջ դրուիլը:
    • Որովհետեւ այդպիսով է, որ եկեղեցին կը սկսի Աստուծոյ ներկայութիւնը յայտնել աշխարհին:

Բ. «ՔԱՐԻԶՄԱԹԱ»

  1. Շատ մը անկեղծ Քրիստոնեաներ կ՛ընդունին, որ «քարիզմաթա»-ն (charismata) տակաւին գոյութիւն ունի, բայց կը ձախողին նախանձախնդրութեամբ փափաքիլ զանոնք եւ կամ իրենց երկրպագութեան եւ պաշտամունքներուն մէջ վայելել զանոնք:
    • Կը կարծեն, թէ եկեղեցին շատ պէտք չունի պարգեւներուն եւ թէ եկեղեցին առանց անոնց ալ կրնայ ազդու կերպով ծառայել Աստուծոյ:
  2. “Tithemi” կը նշանակէ «դրաւ», «կարգել», «օծել», «զետեղել» "to set in place, to appoint, to ordain, to establish" (Ա.Կր 12.18,28): Այս բառը գործածելով, Պօղոս կ՛ուզէ յայտնել, թէ «քարիզմաթա»-ն Աստուծոյ կամքին համաձայն եկեղեցիին մէջ դրուեցաւ, որպէս երկրպագութեան եւ վկայութեան անբաժանելի մէկ մասը ըլլայ:
  3. Անցեալին, երբ նուիրագործուած պատկեր մը կամ արձան մը նոր շինուած տաճարի մը մէջ կը դնէին, ժողովուրդին մէջ մեծ ուրախութիւն կ՛ըլլար: Նոյնպէս Սուրբ Հոգիին պարգեւները հարազատ կեանք եւ ուրախութիւն կը բերեն Քրիստոնէութեան (քրիստոնէական կեանքին) մէջ:
  4. «Թիթեմի»-ն ի՞նչ ձեւով քարերով կառուցուած շէնք մը կը վերածէ սուրբ եւ պաշտամունքի վայրի մը: Նախքան «թիթեմի»-ն (“tithemi”), տաճարը սովորական շինարարութիւն մը կը նկատուէր, ո՛չ՝ սուրբ վայր, սակայն արձանին մուտքը տաճարը կը սրբացնէր:
  5. Պօղոս բաղդատութիւն մը կ՛ընէ.
    • Կենդանի Աստուած իսկական “tithemi”-ն ըրաւ Սուրբ Հոգիին պարգեւները եկեղեցիէն ներս դնելով:
    • Պարգեւներուն միջոցաւ Տիրոջ ներկայութիւնը բացայայտ կ՛ըլլայ եւ աղօթքները կը պատասխանուին:
  6. Իսկական Քրիստոնէական երկրպագութիւնը կը պահանջէ Աստուծոյ ձայնին եւ գործերուն ներկայութիւնը:
  7. Երբ կը կարդանք, թէ Աստուած մեր մարմինին մէջ «դրած է անդամներ», անմիջապէս առաքեալին միտքը կը հասկնանք.
    • Աստուած Ինք դիտմամբ մարդկային մարմինը անդամներով ստեղծած է, որպէսզի իւրաքանչիւր անդամ ունենայ իր կարեւոր եւ արժէքաւոր գործը: Մեր մարմինին անդամները զիրար չեն անտեսեր, ոչ ալ կ՛ըսեն, թէ մէկը միւսին պէտք չունի:
  8. Եկեղեցի մը, ուր պարգեւները չեն գործեր, թէեւ որպէս Քրիստոսի մարմինին անդամ, ողջ կը մնայ, բայց անխուսափելիօրէն անդամալոյծ պիտի ըլլայ:
  9. Մարդկային այս մարմինը պիտի չփոխուի նախքան Քրիստոսի երկրորդ գալուստը եւ մեռելներուն յարութիւնը: Հետեւաբար միայն երբ կ՛ընդունինք նոր մարմինը, ա՛յն ատեն կրնանք անտեսել մեր անդամները (Փլպ 3.21: Ա.Կր 15.51-53: Բ.Կր 5.1-5):
    • «20 Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ *Տէր Յիսուս Քրիստոս, 21 որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել»:
    • Միայն այն ատեն եկեղեցին կրնայ անտեսել «քարիզմաթա»-ն:
  10. Նոր Կտակարանին մէջ "sumphero"-ն, «հասարակաց օգուտին» ակնարկող բառ մը, կը գործածուի՝ յայտնելու համար այն շահը.
    1. Որ ամբողջ աշխարհը վաստկեցաւ Քրիստոսի մահով (Յհ 11.50, 18.14):
      • «49 Անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կայիափա էր եւ որ այդ տարի Քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց.- Դուք բան չէք գիտեր. 50 չէ՞ք խորհիր թէ մեզի համար աւելի լաւ է՝ որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար, քան թէ ամբողջ ազգը կորսուի»:
    2. Որ եկեղեցին վաստկեցաւ Քրիստոսի բարձրանալովը (Յհ 16.7) «7 Բայց ես ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի.- Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի»:
    3. Որ բոլորս վաստկեցանք մեզի ընծայուած սրբութենէն (Եբր 12.10):

 

Նախորդ Հրապարակում Սուրբ Հոգին եւ Անոր Գործակցութիւնը Նոր Կտակարանին Մէջ
Յաջորդ Հրապարակում Աստուծոյ Լեռը Եւ Շնորհներու Փորձառութիւնը