Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ սքանչելի իրականութիւններ, որոնցմով կրնանք մեր հաւատքի կեանքը ամրապնդել եւ շնորհները կիրարկելու փորձառութիւնը վաստկիլ:


Շնորհները ճանչնալու ատեն եւ կամ Աստուծոյ կողմէ անոնց մեզի առաջարկուելուն միջոցին, կ՛ունենանք յափշտակութեան յատուկ վիճակ մը, որ մեծապէս կ՛ազդէ մեր ներաշխարհին, զանազան ձեւերով.

- Մեր զգացումներն ու հետաքրքրութիւնը կը գրաւէ:
- Մեր կեդրոնացումը կը զօրացնէ:
- Մեր սիրտին մէջ զօրութիւն կը բերէ:
- Աստուծոյ միանալու փափաքը կ՛արթնցնէ:
- Մեր կեանքին մէջ գերբնականին նկատմամբ զգայնութիւն մը յառաջ կու գայ եւ ամէն անգամ որ բանի մը պէտքը ունենանք, այդ յափշտակութեան վիճակը կը փնտռենք:

Քորեբ Լեռը Եւ Չայրող Մորենիին Տեսիլքը

Հին Կտակարանը մեզի կը պատմէ հանդիպման տեղի մը մասին, ուր Աստուած երեւցաւ Մովսէսին եւ ծառայութեան կանչեց զայն՝ Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն ազատելու համար:
Մովսէս ութսուն տարեկան էր, երբ իր աներոջ հօտը կ՛արածէր, եւ հօտը արածելու ընթացքին հասաւ Քորեբ՝ Աստուծոյ լեռը հասաւ (Ելք 3.1). «Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր: Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ,»:

Աստուած Մովսէսի Հետաքրքրութիւնը Շարժեց

Հրեշտակին միջոցաւ մորենիին մէջէն խօսելով, Աստուած շարժեց Մովսէսի հետաքրքրութիւնը (3.2). «2 Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր: Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր»:

  • Երեւոյթը զարմանալի էր, որովհետեւ չոր մորենին կը վառէր, բայց չէր սպառեր:
  • Ասիկա Մովսէսի գերբնական ակնկալութիւնը յուզող դէպք մըն էր:
    • Աստուած նոյն մօտեցումը կ՛որդեգրէ իւրաքանչիւր անձի հետ՝ գերբնական զօրութիւն ակնկալելու հաւատքը գրգռելով:
    • Ներգնապէս կը զգաս զգացում մը, որ միայն կրակ կրնայ կոչել մարդը:

Մովսէս Սկսաւ Ակնկալել Գերբնականը

Տեսարանէն գրաւուած եւ անիկա իր հովուական պաշտօնէն աւելի կարեւոր նկատելով՝ ամէն բան ձգելով, Մովսէս դէպի մորենին ուղղուեցաւ եւ ըսաւ. «[…] “Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չ՛այրիր”» (3.3):

  • Մովսէսին սիրտը կանուխէն նուիրուած էր Տիրոջ:
  • Ան անապատ հասաւ Փարաւոնի հարստութիւնը մերժելուն եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ազատութիւնը մտածելուն համար:
  • Ան իր սիրտին մէջ կանուխէն գիտեր: Քառասուն տարիներ առաջ իր կոչումը զգացած էր, սակայն սխալ ձեւով կիրարկած ըլլալուն պատճառով թաղուած էր:
  • Մովսէս երբ տեսաւ, թէ մորենին կը վառէր, բայց չէր այրէր, կը հաւատամ, թէ իր խոր աշխարհին մէջ պատկերացուց ըսելով. «Ճիշդ ասոր պէտք ունիմ, որ ժողովուրդս Փարաւոնին կրակէն, ճնշումէն եւայլն ազատեմ»:
    • Ան կարծես տեսած եղաւ իր ժողովուրդը անապատին մէջ պահպանուած:
  • Գրաւուեցաւ իրականութենէ մը, որուն բացատրութիւնը հաւանաբար գերբնական էր եւ իր ուշադրութիւնը կը գրաւէր:

Աստուած Ինքզինք Յայտնեց Խօսքով

Աստուած Մովսէսի կեդրոնացումը եւ հետաքրքրութիւնը գրաւելէ ետք, անմիջապէս Ինքզինք յայտնեց գերբնական ակնկալութեան միջոցաւ բացուած ճամբով. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» կանչեց, իսկ Մովսէս իմացաւ եւ անմիջապէս պատասխան տուաւ. «Ահա հոս եմ» (3.4):

  • Նոյն պատասխանը տուին Աբրահամ, Յակոբ եւ Սամուէլ (Ծն 22.11, 46.2: Ա.Թգ 3.4):
  • Այդպիսով զօրացաւ Մովսէսի սիրտը, որովհետեւ արդէն վստահ էր, թէ գերբնական երեւոյթի մը յայտնութիւնն է:
    • Մովսէս երբ լսեց իրեն հետ խօսող ձայնը, չի շուարեցաւ: Այդ հաղորդակցութիւնը հոգեւոր էր եւ իր հոգեւոր ինքնութեան կ՛օժանդակէր:

Աստուած Մովսէսին Ճանչցուց Երկիւղը

Յաջորդ հանգրուանին Աստուած Մովսէսի սորվեցուց, թէ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ միայն երկիւղով եւ աշխարհէն մերկացած կերպով կարելի է կենալ (3.5) «5 Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»:

  • Աշխարհը ընտրելով, Ադամ մերկացաւ Տիրոջ փառքէն եւ ընտրեց աշխարհը:
    • Իսկ այս տեղին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան կենալու համար Աստուած կ՛առաջարկէ, որ Մովսէս մերկանայ աշխարհէն:
      • Այսինքն՝ հանէ ոտքէն սանտալները, պատրաստուի աստուածպաշտութեան:
  • Գետինը չէ՛, որ սուրբ էր, հապա Աստուած:
    • Մովսէս սուրբ կոչում մը կը ստանար:
    • Աստուծոյ մօտենալը եւ Անոր պարգեւները ստանալը կը պահանջէ, որ մենք մեր անձերը սրբելով ապրինք, ճիշդ ինչպէս Անոր ողջ ներկայութեան պիտի ապրէինք:
  • Նոյն բանը պատահեցաւ Յեսուի (Յես 5.15):
    • Աստուծոյ գործը սուրբ է
    • Մեր կոչումը սուրբ է, մեր աշխարհի կօշիկները պէտք է հանենք:
    • Մեր կատարած բոլոր ծառայութիւնները սուրբ են:
    • Անոր յաջող կերպով ծառայելու համար պէտք է յարգենք եւ պատուենք ներկայութիւնը:

Աստուած Ինքզինք Յայտնեց

Յետոյ Աստուած ըսաւ. «[..] “Ես եմ քու Հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը” [...]» (3.6): Գիտնալէ ետք, որ իրեն հետ խօսողը եւ իրեն երեւցածը իր հայրերուն Աստուածն է եւ թէ դէմ առ դէմ հանդիպած են, Մովսէս վախցաւ, որովհետեւ ոչ ոք կրնար տեսնել զԱստուած եւ ապրիլ:
Այս հանգրուանէն սկսեալ, Մովսէս իրեն հետ պատահածին վարդապետութիւնը ճանչցաւ, որովհետեւ անով պիտի ներկայանար իր ժողովուրդի եւ Փարաւոնին:

  • Այդ պատճառով ան անմիջապէս երկիւղով «[...] Երեսը ծածկեց, վասնզի Աստուծոյ նայելու վախցաւ»: Ատիկա յարգանքի նշան մըն է: Հետաքրքրուած, կեդրոնացումը գրաւուած եւ սանտալները հանած ըլլալով հանդերձ, ան պատուեց Աստուծոյ Սրբութիւնը եւ իրաւունք չտուաւ ինքզինքին Աստուծոյ նայելու:

Մովսէսի Կոչումը

Այդ դէպքերէն ետք Աստուած սկսաւ Իր ծրագիրը իմացնել Մովսէսի, եւ տալ անոր պաշտօնը՝ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանելու վերաբերեալ (Ելք 3.7-12).
«7 Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ 8 Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ: 9 Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ: 10 Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»: 11 Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»: 12 Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»

  • Աստուծոյ հանդիպիլը մեզի կ՛իմացնէ Անոր սիրտը եւ նայուածքը այս աշխարհին:


Քրիստոնեաներուն Տեսիլքը Եւ Կոչումը

Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կ՛ըսուի, թէ այն լեռը, որուն այժմ մօտեցած ենք շօշափելի չէ, այլ՝ հոգեւոր, որովհետեւ ըստ Եփ 2.5-ին, կեանքի կոչուած մեր հոգիով «[...] Մօտեցած էք Սիոն լերան, կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին, հրեշտակներու անհամար բանակներուն: Մօտեցած էք երկինքի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ անդրանիկ զաւակներու ուրախական հաւաքոյթին [...]» (Եբր 12.22-23):

Քննէ՛ Ինքզինքդ Եւ Փորձէ՛ Անձդ

Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ, որ քննենք մեր հաւատքը եւ փորձենք մենք զմեզ, թէ արդեօք Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր ներսիդին (Բ.Կր 13.5) « 5 Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք: 6 Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք»:

Որովհետեւ Ան մեր կեանքն է, բայց մեր հաւատքին չափով կրնանք վաստկիլ բոլոր փորձառութիւնները:
Եղիա Աստուծոյ լեռը ղրկուեցաւ՝ Տիրոջ ներկայութիւնը ներքնապէս վերագտնելու համար:
Անշուշտ Քորեբ լեռը եւ հոն երթալը անպայման տեղին հետ կապ չունի, այլ՝ Աստուծոյ հետ ներքնապէս հանդիպելու օրինակ է (Գ.Թգ 19.3-14):
Անհրաժեշտ է, որ քու կոչումիդ օրը ունեցած ըլլաս անձնական փորձառութիւն մը. քննէ՛ զայն ու փորձէ՛ դուն քեզ՝ տեսնելու համար, թէ ո՞ր հանգրուանին մէջ ես այսօր:

Նախորդ Հրապարակում Մեծապէս Օգտակար Է «Թիթեմի» (Tithemi)
Յաջորդ Հրապարակում «Մէկ Փափաք» Պահ 1 - Աւետարանիչ Ռիչըրտ Շարփ