Հաւատացեալները կանչուած են ապրելու նոր կեանքով (Եփ 2.8-10): Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ հաւատացեալներուն փոխանցած նամակը պիտի ազդէ նոյնիսկ ոգեղէն պետութիւններուն (Եփ 3.10):
Պայմանները չեն որոշեր մեր ինքնութիւնը, Տէ՛րը կ'որոշէ: Աստուած կ'ակնկալէ, որ ամէն պայմանի մէջ, հաւատացեալները Իր խօսքին ականջ տալով՝ իրենց ինքնութիւնը ճանչնան եւ յանձն առնեն անով քալել: Միայն այն ատեն մենք պիտի կարենանք Աստուծոյ գործը կատարել:
(Դ. Թգ 6.28-29)-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Սովի ժամանակ երբ երկրին թագաւորը լուծում չունէր (7.1), Աստուած Եղիսէի միջոցաւ ելք խոստացաւ (7.3-4): Մարդիկ տակաւին վախի մէջ էին եւ անոնց մէջէն միայն բորոտները յանձն առին փնտռել ու տեսնել Տիրոջ պատրաստածը: Երբ բորոտները պատմեցին իրենց տեսածները, ժողովուրդին մէջ տիրապետող կասկածը խօսեցաւ թագաւորին միջոցաւ (11): Մարդիկ հաւատալ չէին կրնար, որովհետեւ վախի ու կասկածի հոգին տիրած էր:
Աստուած մեզմէ կ'ակնկալէ, որ հակառակ դժուարութիւններուն Իր խօսքին հաւատալով քալենք: Մենք մեր յաղթութիւնը պիտի առնենք ու զայն վայելենք երբ հաւատքով նայինք (Եբր 11.1-6):