Նախքան երկինք համբառնալը, Յիսուս իր աշակերտներուն տուաւ իրենց առաքելութեան վերաբերող ցուցմունքներ: Աշակերտները իրենց պաշտօնին ընդարձակուելուն վերաբերող յանձնարարութիւններ ստացան:
Յիսուս աշակերտներուն իշխանութիւն տալով՝ զանոնք աշխարհ ղրկեց : Իւրաքանչիւր հաւատացեալ երբ աշխարհ կ'երթայ, պէտք է ճանչնայ, թէ ինք իշխանութիւն ստացած է ամէն բանի վրայ (15-րդ սկզբունք) եւ ղրկուած՝ Յիսուսի կողմէ (Յհ 20.21) (16-րդ սկզբունք):
Յիսուս մարդուն տուաւ ազգերը աշակերտելու Մեծ Յանձնարարութիւնը (Մտ 28.19) (17-րդ): Մեծ Յանձնարարութիւնը տիեզերական է եւ կը յանձնարարէ ԱՇԽԱՐՀ երթալ՝ հասնիլ ԲՈԼՈՐ ազգերուն (Մր 16.15):
Յիսուս մկրտուեցաւ: Բոլոր հաւատացեալները, իրենց կարգին, անոր մահով եւ յարութեամբ մկրտուեցան: Հետեւաբար բոլոր Յիսուսի հաւատացողները պէտք է մկրտուին եւ նոյն յարութեան կեանքին մաս կազմեն (18-րդ սկզբունք):
Պէտք է սորվեցնենք այն, ինչ որ Յիսուս մեզի սորվեցուց եւ այն, ինչ որ Սուրբ Հոգին այսօր մեզի կը սորվեցնէ Յիսուսի մասին (19-րդ): Մարդիկը դարձի բերելու համար, պէտք է անոնց խօսինք Աստուծոյ շնորհքին մասին եւ միաժամանակ մեր ճանչցած հաւատքի կեանքը ապրինք, թէ՛ եկեղեցիէն ներս եւ թէ՛ եկեղեցիէն դուրս: Յիսուս կը խօսէր բայց նաեւ ճշմարտութիւնը ցոյց կու տար իր կեանքով:
Մեր կեանքերուն մէջ ունինք Աստուծոյ կարողութիւնն ու զօրութիւնը (Ա. Կր 1.18): Երբ Յիսուսի յարութիւնը միայն խօսքով չունենանք մեր մէջ, այլեւ արտօնենք, որ այդ իրականութիւնը մեր հոգիէն անցնի մեր մարմինին ու կեանքին՝ այն ատեն պիտի կարենանք մարդոց կեանքերուն դպչիլ:
Մեր կոչումէն մեծ բան չկայ: Մենք Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ ունենալու պատիւը ունինք: Քննենք մեր անձերը. այդ ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր ներսիդին (Բ. Կր 13.5):