Մենք՝ որպէս մարդ արարածներ, ունինք «տուփ»-եր. կ'ապրինք «տուփ»-ի մը մէջ (մեր տունը), կը քշենք «տուփ» մը (մեր ինքնաշարժը), զԱստուած կը պաշտենք «տուփ»ի մը մէջ (եկեղեցիի շէնքը): Եւ մենք համոզուած կ'ըլլանք, թէ մեր «տուփ»երուն մէջ ապահով եւ ուրախ կեանք կ'ունենանք, առանց մտահոգութեան:
Սակայն իրականութեան մէջ, ուրախութիւնը այդ «տուփ»երուն մէջ չի գտնուիր: Ուրախ եւ յաջող եկեղեցին ա՛յն է, որ պատրաստ է իր «տուփ»էն դուրս ելլելու՝ աշխարհին հասնելու համար, ճիշդ ինչպէս ըրաւ Առաջին Եկեղեցին: