Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ մենք նոր արարածներ ենք Քրիստոսով (Բ. Կր 5.17): Սակայն կարեւոր է, որ մեր ինքնութիւնը բարձր պահենք, որպէսզի սխալը չտիրապետէ:
Հաւատացեալը պայքար կ'ունենայ երբ սխալ ընտրութիւններ կ'ընէ: Ան պէտք է իր ընտրութիւնները ընէ Աստուծոյ իրեն սահմանած ինքնութեանը համաձայն, այլապէս ատիկա իրեն համար վնասակար պիտի ըլլայ: Մարմնաւոր ընտրութիւնը մահ կը պատճառէ (Հռ 8.5-7), իսկ հոգեւոր որոշում առնելը կեանքի կ'առաջնորդէ (Հռ 8.5բ):
Տօնին առթիւ, հրեաները սովորութիւն ունէին կապուած մը արձակելու (Մտ 27.15), ժողովուրդին ընտրութեան համաձայն: Երբ հրեաներուն ընտրութիւն տրուեցաւ Բարաբբան կամ Յիսուսը արձակելու (16-17), անոնք նախընտրեցին Բարաբբան արձակել: Հրեաները Աստուծոյ շնորհքը մերժեցին, որովհետեւ մարմնաւոր աչքերով դիտեցին եւ իրենց անձնական շահերը փնտռեցին:
Մենք եւս կրնանք մեր մարմնաւոր շահը փնտռելով, մեր հաւատքին վնաս հասցնել եւ Յիսուսի ներկայութիւնը մեռցնել մեր կեանքերէն ներս:
Փրկուած ըլլալով հանդերձ, մեր սիրտը կրնայ կառչած մնալ մարմնաւոր սկզբունքներու: Այդուհանդերձ Աստուած տակաւին մեզ կը սպասէ եւ կը փափաքի, որ մեր կեանքերը ամբողջութեամբ Իրեն յանձնենք: Ընտրենք Յիսուսին «այո՛» ըսել, մեր կեանքին բոլոր բաժիններուն մէջ: