Յարութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ գերբնականին մասին (Կղ 3.1-3) եւ անով նորոգուիլ:
Նիւթին մէջ պիտի տեսնենք յարութեան վերաբերեալ 40 սկզբունքներ, որոնք աշխարհին կը յայտնեն Յարութեան հրաշալիքները:
Առաջին եօթը սկզբունքները կը խօսին մահուան դէմ եղած փառաւոր յաղթութեան մասին, որուն գերագոյն վկայութիւնը եղաւ Յիսուսի պարապ գերեզմանը եւ այսօր ալ՝ Յարութեան վկայութիւնը ունեցող մեր սիրտը: