Աստուածաշունչը պատմութեան միջոցաւ մեզի կը յայտնէ,թէ Սուրբ Հոգին ունի ռազմավարութիւն: Այդ ռազմավարութիւնը կը յայտնուի իր ծառաներուն միջոցաւ:
Դտ 3.12-30-ին մէջ,Իսրայէլ անգամ մը եւս Աստուծոյ ճամբայէն շեղեցաւ եւ ատիկա պատճառ դարձաւ,որ թշնամի թագաւորը՝ Էգղոնը զօրանայ: Մենք եւս Աստուծոյ զաւակներ ենք,սակայն մեր սխալը եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կորսնցնելը կրնայ մեզ զանազան դժուարութիւններու մատնել:
Էգղոն զօրացաւ ու տիրեց Երիքովի (13): Երիքով այն վայրն էր,զոր Իսրայէլի ժողովուրդը կրցած էր հաւատքով գրաւել,սակայն երբ անոնք իրենց հաւատքը կորսնցուցին՝ թշնամին իրենց հաւատքի կեդրոնը գրաւեց:
Սակայն Աստուած միջամտեց եւ Իսրայէլին համար փրկիչ մը հանեց՝ Աւովդը (Դտ 3.15): Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ,Աւովդ պատերազմ չյայտարարեց,այլ՝ թշնամիին գլուխը եղող առաջնորդը սպաննելու հնարք ըրաւ (Դտ 3.16): Աւովդ սպաննեց այն թագաւորը,որ Երիքովը գրաւած էր: Ատկէ ետք է,որ 18 տարիէ ի վեր գերի եղող ժողովուրդը զօրացաւ:
Քննենք մեր կեանքերը՝ գտնելու համար թէ՝ ո՞ր բաժիններուն մէջ թշնամին տիրած է՝ առողջութեա՞ն,գործի՞ն,բարոյականի՞ն,ընկերութեա՞ն,ընտանիքի՞ն: Գիտնա՛նք մեր թշնամին եւ սպաննե՛նք զայն: Որոշենք,թէ մեր միակ թագաւորը Յիսուսն է եւ մենք պիտի զօրանանք: