Զատիկ բառը եբրայերէնով «փեսախ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ «անցնիլ»: Մովսէսի օրերուն Տէրը Եգիպտոսի երկրին վրայէն անցաւ, եգիպտացիներուն անդրանիկները սպաննեց եւ Իր ժողովուրդին ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ՝ ԶԻՆՔ ՊԱՇՏԵԼՈՒ:
Տէրը Մովսէսի միջոցաւ պատուիրեց, որ տարուան առաջին ամիսուան 14-ին յիշատակի համար Զատիկը տօնեն (Ելք 12.1-2,6):
Կ'երեւի նաեւ, որ Իսրայէլի ժողովուրդը Զատիկը երեք անգամ տարբեր շրջաններու մէջ տօնած է եւ տարբեր պայմաններու մէջ՝ տարբեր պարգեւներ, բարիքներ եւ նոյնիսկ ստացուածք ստանալու համար Տիրոջմէն:
Կը հաւատամ, որ «[...] Քրիստոս՝ մեր Զատիկի գառնուկը մորթուեցաւ» (Ա.Կր 5.7): Մինչ մենք մեր Զատիկը՝ «Տիրոջ անցնիլը» կը տօնենք, կ'անցնինք այդ երեք տեղերէն կամ հանգրուաններէն:
I. Առաջին անգամ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՏՕՆԵՑԻՆ (Ելք 12.21-28):
Ա. Այդ տօնը տօնելու էին խոստացուած երկիրին մէջ եւս (Ելք 12.25):
Բ. Եգիպտոսի մէջ Զատիկը տօնելը հաւատքի գործ էր:
- Անիկա Աստուծոյ անցնելուն պատճառը եղաւ: ա. Տէրը զարկաւ Եգիպտոսի անդրանիկները: բ. Ազատութիւն տուաւ ժողովուրդին՝ զԻնք պաշտելու: գ. Իր ժողովուրդը եգիպտացիներուն առջեւ շնորհք գտաւ: դ. Ամպի սիւնով ժողովուրդին հետ քալեց:
- Հաւատքի գործը պատճառ եղաւ, որ Աստուծոյ իշխանութիւնը. ա. Ժողովուրդին համար շարժի: բ. Ժողովուրդին համար գործէ: գ. Ժողովուրդին ետեւը ըլլայ:
- Այդ ընելով, ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատեցաւ:
- Եգիպտոսը խորհրդանիշ էր Սատանային եւ անոր իշխանութեանը:
- Փարաւոնին իշխանութեամբ եբրայեցիներուն տղաները սպաննելու Սատանային ծրագիրը ձախողեցաւ:
- Զանոնք ոչնչացնելու ծրագիրը խափանուեցաւ:
- Տէրը եբրայեցիներուն պատուիրեց գառնուկին արիւնը քսել դռներուն վրայ (Ելք 12.7): ա. Զիրենք արիւնով պահպանելու համար բ. Երկրէն հանելու համար գ. Հանեց եւ ամպի սիւնով զիրենք Փարաւոնէն պահեց:
II. Երկրորդ անգամ այդ տօնը տօնեցին ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ, երկրորդ տարուան առաջին ամսուան տասնչորորդ օրը, վկայութեան խորանը ամբողջացնելնէն անմիջապէս ետք (Թւ 9.1-14): Չէին կրնար զոհէն ուտել նախքան թլփատուիլը (Ելք 12.42,44,48: Յես 5.4-7): Անապատին մէջ տօնեցին, որպէս հաւատքի նշան, թէ Տէրը իրենց հետ էր:
III. Երրորդ անգամ զանիկա տօնեցին ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻՆ ՄՈՒՏՔԻՆ (Յես 5.9-15). տօնեցին զատիկը եւ կերան խոստացուած երկրին պտուղը:
Ա. Ըստ Եբր 4.8-11-ին, խոստացուած երկիրին սահմաններէն ներս զիրենք մտցնող Անձը Յեսուն չէր, հապա՝ Յիսուս:
Բ. Անոնց կերած պտուղը.
- Տիրոջ խոստացած բարիքներն էր:
- Նշան մըն էր, թէ՝ ելան անապատի կրթութեան վիճակէն (Բ.Օր 8.3) եւ մտան Խոստացուած Կեանքի սահմանները:
Գ. Քրիստոնեաներուս համար, պտուղը.
- Քրիստոսի փրկագործութեամբ շնորհուած կեանքն է Տիրոջմով, իսկ երկիրը՝ մեր անձը՝ մեր մարմինը, շունչը եւ հոգին (հմմտ Ա.Թս 5.23):
- Մեր կեանքը անարատութեամբ Տիրոջ համար ապրիլն է:
- Հիւանդութիւններէն ազատելու եւ յաջողակ ըլլալու իրաւունքը ունի իր մէջ (Գ.Յհ 2: հմմտ Եր 32.40-41, 33.6,9):
- Տիրոջ մեր տկար բնութեան մէջ զօրութեամբ բնակիլն է (հմմտ Հռ 8.3):