«Մի արհամարհէք մարգարէական պատգամները» (Ա.Թս 5.20):
Մենք թէեւ մարգարէութիւններուն կը հաւատանք, սակայն տակաւին կ'ունենանք ելեւէջներ, որոնց ընթացքին տարուած կ'ըլլանք եւ կարծես մոռցած կ'ըլլանք մարգարէութիւններով առաջնորդուիլ:
Աստուած մարգարութիւններուն միջոցաւ կու տայ առաքելութեան տեսիլքը եւ մարգարէութիւններուն մէջ կ'ըլլայ զօրութիւնը գործը առջեւ տանելու: Երբ մարգարութիւններուն բռնուած մնանք եւ անոնց վստահինք, Աստուծոյ ձա՛յնը միշտ կ'ունենանք մեր կեանքին մէջ որպէս առաջնորդութիւն: