«6Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան իշխան: 7Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր Թագաւորութեան վրայ. Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»:
Մարգարէութիւնը
Վերոնշեալ հատուածը Քրիստոսի գալուն մասին մարգարէական խոստում մըն է, որ սկիզբէն տրուած էր (տե՛ս Ծն 3.15) եւ որուն կը սպասէին բոլոր ազգերը: Հատուածը կը նկարագրէ Քրիստոսի ծնիլը, գործերը, իշխանութիւնը եւ այդ իշխանութեան տարածուիլը:
Խոստացուած Փրկիչին մասին տրուած մարգարէական խոստումները բոլոր հաւատացեալներուն յոյսն էին: Մարգարէները կը փորձէին հասկնալ կամ ճիշդ կերպով մեկնաբանել այդ մարգարէութիւններուն (տե՛ս Ա.Պտ 1.10-11):
Սատանան Ընդօրինակեց
Գիտնալով այդ խօսքին արժէքն ու զօրութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդոց վրայ անոր ունեցած մեծ ազդեցութիւնը, Սատանան որդեգրեց այդ գաղափարը եւ շատ անգամ յայտարարեց անոր կատարումը իրեն ենթարկուած թագաւորներուն միջոցաւ՝ ազգերը շահելու եւ զանոնք իրեն ենթարկելու նպատակով:
Խոստումը Կատարուեցաւ
2000 տարի առաջ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ եւ Մանուկը ծնաւ կոյս Մարիամէն, ճիշտ ինչպէս խոստացուած էր:
- Մանուկը մեծցաւ:
- Անիկա մեծ իշխանութիւն ունեցաւ:
- Իր անձը զոհեց ամբողջ մարդկութեան համար:
- Իր արիւնով մեղքին գինը վճարեց եւ այդպիսով գնեց բոլոր զԻնք ընդունողները՝ Կեանքի եւ յաւիտենականութեան համար:
Ուստի, այլեւս սոսկ յոյս մը չէ, որուն կատարուիլը կը սպասուի կամ խանդավառող, քաջալելող խօսք մը, որ կրնայ մխիթարել, հապա՝ կատարուած իրականութիւն մը:
Այսօր Փրկիչը մեզի համար ողջ է եւ ոչ միայն մեզի հետ է, ինչպէս որ էր աշակերտներուն հետ, հապա՝ մեր ներսիդին է՝ Խօսքին եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ (հմմտ Ա.Թս 1.5):
- Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ. « [...] Ես չէ որ կ'ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ'ապրի իմ մէջս [...]» (Գղ 2.20):
- Առաքեալը կը հարցնէ. «[...] Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5):
- Յովհաննէս առաքեալ կ'ըսէ. «[...] Ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհին պատկանողներուն մէջ» (Ա.Յհ 4.4):
Ծնունդը Սկիզբ մըն Է
Ամէն ծնունդ կը խօսի բանի մը գոյութիւն առնելուն մասին:
Իսկ անգամ մը ծնած, այսինքն՝ գոյութիւն ունեցող բանի մը (մարդուն) վերստին ծնիլը աւելի մեծ յաղթութիւն է եւ արդարութիւն կը խօսի, քան անոր առաջին կամ սկիզբի ծնունդը:
Ծնունդը Սատանային Դէմ Յաղթութիւն Է
Քրիստոսով վերստին ծնիլը իր մէջ կը պարունակէ ամէն զօրութիւն՝ Սատանային յաղթելու եւ ամէն բան իր առաջին վիճակին վերադարձնելու:
Նոր Բնակարանը
Վերստին ծնողը կը ներկայացնէ Աստուծոյ Հոգիին բնակութեան տաճարը եւ Տիրոջ նոր սեփականատիրութեան հասցէն:
- «Յիսուս պատասխանեց անոր.– Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք» (Յհ 14.23):
- « […] Եւ ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է, հոն ազատութիւն է» (Բ.Կր 3.17):
Տօնը Արտայայտուելու Լաւ Առիթ Է
Յիսուսի ծնունդի առիթով, մենք՝ հաւատացեալներս այլեւս սոսկ պատմութիւն մը չենք պատմեր, հապա՝ ներկայ ժամանակին մէջ կը ներկայացնենք Յիսուս Քրիստոսը, որ Կեանքի Տէրը եւ Ստեղծիչն է:
- Ան այլեւս մեր ներսիդին կ'ապրի, եւ միայն մե՛նք կրնանք իրական Տէր Յիսուսը ներկայացնել:
Ծննդեան տօնակատարութիւնը կարեւոր առիթ մըն է աշխարհին յայտնելու տօնին արժէքները եւ Յիսուսի ծնունդին ժամանակ կատարուածին իրականութիւնը, ինչ որ այսօր մեզմէ շատերուն վերստին ծնունդով կը յայտնուի կամ կ'երեւի: