Սուրբ Հոգիին մասին հարազատ գիտութիւն ունենալը կարեւորագոյն սկզբնակէտ մը պիտի ըլլայ հաւատացեալին համար՝ իր առաքելութիւնը զօրութեամբ կատարելագործելու համար:

  • Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Աստուած Իր գործերը սկսաւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ միշտ Անոր միջոցաւ կը կատարէ զանոնք:
  • Աստուածաշունչը կը յայտնէ նաեւ, թէ Աստուած ստեղծագործութիւնը ըրաւ Իր խօսքով եւ Սուրբ Հոգիին գործակցութեամբ (Ծն 1.2-3):

Աստուած երկիրը յանձնեց մարդոց պատասխանատուութեան (Սղ 115.16), եւ մարդոց հետ գործակցելով կը միջամտէ եւ Իր օգնութիւնն ու ծրագիրները կը հրամցնէ, որպէսզի մարդիկ երկիրը կառավարեն Աստուծոյ տեսակէտով:

Սուրբ Հոգին Անձ Է

Սուրբ Հոգին ամենակարեւոր Անձն է այսօր երկրի վրայ:

  • Ամենակարեւոր հեղինակը
  • Ամենակարեւոր գիտութիւնն ու իմաստութիւնը
  • Ամենակարեւոր խրատողն ու մխիթարիչը
  • Ամենակարեւոր կրթութիւնը, ընտանեկան եւայլն
  • Ամենակարեւոր կառավարողը` երկիրներու, կառավարութիւններու:
  • Ամենակարեւոր բարձրացնողը

Սուրբ Հոգին Սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձն է:
Ան ղրկուեցաւ՝ գործը ամբողջացնելու համար.

  • Հայրը վստահեցաւ եւ ղրկեց Որդին: Որդին գործը կատարելէ ետք վստահեցաւ եւ ղրկեց Սուրբ Հոգին, որպէսզի մեր միջոցաւ կատարէ գործը:

Սուրբ Հոգիին Գործակցութիւնը

Սուրբ Հոգին կը գործակցի այն մարդոց հետ, որոնք Քրիստոսով Աստուծոյ նպատակներուն համաձայն կ'ապրին երկրի վրայ:

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Սուրբ Հոգին.

  • Աստուած է: (Գրծ 5.3-4)
  • Հօր եւ Որդիին հաւասար է: (Մտ 28.19-20)
  • Յաւիտենական է: (Եբր 9.14)
  • Ամենակալ է: (Ծն 1.2)
  • Ամենագէտ է: (Ա.Կր 2.10-11)
  • Ամենուրեք կը գտնուի: (Սղ 139.7)
  • Աստուծոյ զօրութիւնն է: (Մտ 12.28: Ղկ 11.20)

Առաւել, թէ.

  • Քրիստոս Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած կատարեց Իր առաքելութիւնը: (Ղկ 4.14)
  • Քրիստոս Հոգիին զօրութեամբ կ'ընէր Իր հրաշքները: (Մտ 12.28: Ղկ 5.17)

Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը յայտնուած է.

  • Ստեղծագործութեան մէջ (Ծն 1.2: Յոբ 26.13: Սղ 104.30)
  • Քրիստոսի Սուրբ Հոգիով ծնելուն մէջ (Ղկ 1.35)
  • Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելուն մէջ (Ա.Պտ 3.18)
  • Կեանք տալու մէջ (Եզ 37.11-14: Հռ 8.11)
  • Հրաշագործելու մէջ (Հռ 15.18-19)
  • Աւետարանը ազդու կերպով քարոզելու մէջ (Ա.Կր 2.4: Ա.Թս 1.5)
  • Դժուարութիւններուն յաղթելու մէջ (Զք 4.6,7)

Սուրբ Հոգին ստանալու խոստումը ունինք.

  • Հօրմէն (Ղկ 24.49)
  • Որդիէն (Գրծ 1.8)

Աստուծոյ սուրբերը.

  • Սուրբ Հոգիով կը դիմադրեն դժուարութիւնները եւ կը շարունակեն դէպի նպատակակէտ:(Սղ 51.12)
  • Սուրբ Հոգիով կը զօրանան: (Եփ 3.16)
  • Ճշմարտութիւնը խօսելու մէջ համարձակ կ'ըլլան Սուրբ Հոգիով: (Մք 3.8: Գրծ 6.5,10: Բ.Տմ 1.7,8)
  • Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը կը ստանան տկարութեան մէջ: (Հռ 8.26)
  • Կ'ամրապնդուին յոյսով: (Հռ 15.13)

Սուրբ Հոգին որակաւոր ծառայողներ կը պատրաստէ՝

  • Աշխարհ ղրկելու համար (Գրծ 1.8)

Աստուծոյ Խօսքը Սուրբ Հոգիին սուրն է:

(Եփ 6.17)

Սուրբ Հոգիին Գործակցութիւնը

Սուրբ Հոգին կը գործէ Աստուծոյ խօսքին համաձայն, եւ երբ Աստուծոյ խօսքը սիրտիդ մէջ ունենալով խօսիս, Սուրբ Հոգին քեզի հետ կը գործակցի եւ դէմ կը դնէ թշնամիին.

  • Սուրբ Հոգին թշնամիէն զօրեղ է: (Ա.Յհ 4.4)
  • Կը կանգնի թշնամիին դէմ: (Ես 59.19)
  • Տէր Յիսուս կը հաստատէ, թէ Սուրբ Հոգին Իրմով պիտի գործէ: (Յհ 16.12-15)
  • Խօսքիդ համաձայն կը գործէ ու կը փրկէ: (Գրծ 10.44)

Սուրբ Հոգին Թշնամիին Հետ Չի Գործեր

Սուրբ Հոգիին պատճառով (շնորհիւ), թշնամին չի կրնար ընդօրինակել քու ըրածներդ. Սուրբ Հոգին չի գործակցիր անոր հետ եւ ո՛չ ալ աչք կը խփէ:

  • Սուրբ Հոգին կը վկայէ փրկագործութեան կողքին, խօսքով եւ գործով: (Ելք 9.11: Գրծ 5.32)
  • Կարմիր ծովը բաժնուեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին համար եւ ո՛չ Փարաւոնին զօրքերուն համար: (Ելք 14.21-28: Եբր 11.29)
  • Անոր գործակցութիւնը մեր ձեւով չ'ապահովուիր: (Գրծ 19.13-19)

Մի՛ Սահմանափակեր Սուրբ Հոգիին Գործը

Երբ Սուրբ Հոգին մեզի յայտնէ առաքելութեան մասին, Իր խօսքին մէջ նկատի կ'ունենայ ամբողջ աշխարհը: Սակայն մենք յաճախ կը սահմանափակենք Անոր խօսքը, մեր համոզումներուն եւ նուիրումին չափին մէջ:

Սուրբ Հոգիին Գործունէութիւնը Մեր Մէջ

Յհ 16.6-11 « 6 Սակայն որովհետեւ այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, ձեր սիրտերը տրտմութեամբ լեցուեցան: 7 Բայց ես ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի.- Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի: 8 Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը: 9 Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ ինծի չեն հաւատար, 10 իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ ես Հօրս քով կ’երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, 11 եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ Սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է»:

Մինչ Տէր Յիսուս կը խօսէր իր մեկնելուն մասին, յայտնեց աշակերտներուն Սուրբ Հոգիին գալուն մասին, շեշտելով, թէ որովհետեւ աշխարհ չի հաւատար Իր կատարած գործին, Սուրբ Հոգին պիտի յայտնէ անոնց աշխարհին մեղքը, Իր արդարութիւնը, որովհետեւ Ան է միակ արդարը, որուն միջոցաւ մարդը կրնայ հաշտուիլ Աստուծոյ հետ եւ պիտի դատապարտէ չարը:

Սուրբ Հոգին պիտի յայտնէ ճշմարտութիւնը եւ այդպիսով ներկայացնէ Յիսուսը եւ արդարութիւնը կեանքերուն մէջ: Այդպիսով Յիսուս նորէն եկած պիտի ըլլայ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:

Սուրբ Հոգիին գալէն եւ երեք վերոյիշեալ հանգրուանները կատարելէն ետք, ոչ ոք որբ պիտի մնայ, զգայ կամ ապրի, որովհետեւ այդպիսով Տէր Յիսուս, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ որբ ըլլալու կամ զգալու ամէն դժուարութեան դէմ յաղթութիւն տարած պիտի ըլլայ:

Վերջին օրերուն Սկիզբը

Ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան: Պետրոս, Գրծ 2.17-18 -ին մէջ այս ձեւով կը ներկայացնէ. « 17 Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,- կ’ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ. Ձեր տղաքն ու աղջիկները իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն: 18 Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ, եւ անոնք եւս իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի»:

Տէր Յիսուսի մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ սկսան:

Երբ Սուրբ Հոգին երկինքէն իջաւ եւ մեր մէջ բնակելու սկսաւ, վերջին օրերուն սկիզբը սկսաւ, որ պիտի տեւէ մինչեւ երկրորդ գալուստը երբ վեցերորդ տնօրինումը՝ Սուրբ Հոգիին ժամանակը կ'անցնի եւ վերջին դատաստանը կու գայ:

 

Նախորդ Հրապարակում Տէրը Դրօշակս է (Ելք 17.8-16)
Յաջորդ Հրապարակում Սուրբ Հոգին Անձ Է (Յհ 14.1-26)