«Ի՞նչ իշխանութիւնով կ'ընես այն բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»:
Փարիսեցիները կը կարծէին, թէ իշխանութիւնը մարդոց կողմէ փոխանցուող տրուող բան մըն է եւ իրենք ունէին պատասխանատուութիւնը եւ իշխանութիւնը տալու: Բայց իրականութեան մէջ, ամէն իշխանութիւն Հօրմէն է եւ անկէ զատ ուրիշ իշխանութիւն չկայ (Հռ 13.1): Երբ Անոր հետ մտերիմ հաղորդակցութիւն ըլլայ, իշխանութիւնը մեր մէջ կ'երեւի եւ գործի կը վերածուի:
Ուրկէ՞ էր Տէր Յիսուսի իշխանութիւնը եւ ուրկէ՞ է քո՛ւ իշխանութիւնդ:
Իւրաքանչիւրիս իշխանութիւնը շատ յատուկ է: Ի՞նչպէս կրնանս ապրիլ քեզի յատուկ այդ Իշխանութիւնը: