Պօղոս առաքեալ 2-րդ նամակ մը կը գրէ Տիմոթէոսին եւ իրեն կ'ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ դժուարութիւններուն դիմաց: Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ Տիմոթէոսին իրեն համար եղած մարգարէութիւնները եւ ձեռնադրութիւնը, անոր թելադրելով, որ միշտ բոցավառ պահէ այն շնորհքը, զոր Աստուած իրեն տուաւ ձեռնադրութեան ատեն: