Բեթհեզդայի աւազանին քով կատարուած բժշկութիւնը, բժշկութեան ձեւը եւ Տէր Յիսուսի տուած պատասխանը պատճառ դարձան, որ հրեաները զայրանան եւ ուզեն զԱյն սպաննել:
ԱւելինԵրբ 5000-էն աւելի մարդիկ հաւաքուած էին Յիսուսի խօսքերը լսելու, 4 առաջարկներ եղան այդ մարդիկը կերակրելու համար, սակայն առաջարկներէն միայն մէկը ընդունուեցաւ Աստուծմէ: Տէրը պատանիին առաջարկած քիչը առաւ, ցոյց տալու համար թէ Ինք քիչով կը գոհանայ.
ԱւելինՅիսուս կը խօսի հին տաճարը քանդելու եւ նորը շինելու մասին: Տաճարը կը ներկայացնէ Աստուած մարդ յարաբերութիւնը: Յիսուս առաջարկեց նոր տաճարը երեք օրէն շինել, ակնարկելով իր յարութեան, որով ինք պիտի վերականգնէր մարդը եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը:
ԱւելինԶատիկ բառը եբրայերէնով «փեսախ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ «անցնիլ»: Մովսէսի օրերուն Տէրը Եգիպտոսի երկրին վրայէն անցաւ, եգիպտացիներուն անդրանիկները սպաննեց եւ Իր ժողովուրդին ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ՝ ԶԻՆՔ ՊԱՇՏԵԼՈՒ:
ԱւելինՅիսուսի փրկագործական խաչելութիւնը մեզի կը յայտնէ երեք կարեւոր բաներ. 1. Աշխարհի մեղքին վերցուիլը 2. Թշնամիին ջախջախուիլը 3. Երկինքի օրեր երկրի վրայ
ԱւելինԵրբ մեր կեանքը կ'ապրինք Տիրոջ սիրով եւ ծառայութիւնները կ'ընենք նոյն գիտակցութեամբ, պիտի նկատենք, թէ աւելի հեշտութեամբ եւ առանց բեռնաւորուելու պիտի կատարենք զանոնք:
ԱւելինԶատկուայ տօնին առթիւ, Երուսաղէմ եկած էին հազարաւոր գալիլեացի ուխտաւորներ, որոնք նախապէս տեսած էին Տէր Յիսուսի մեծամեծ գործերը եւ լսած անոնց մասին: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ Տէր Յիսուսը, Անոր Երուսաղէմ մտնելու ատեն:
ԱւելինԻր Աւետարանի առաջին գլուխին մէջ, Յովհաննէս Առաքեալ մեզի կը յայտնէ, թէ Խօսքը Աստուած է, ամէն բան Անով եղած է եւ թէ Ան մարմնացաւ եւ մարդոց միջեւ բնակեցաւ:
ԱւելինՅհ 1.29-51-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս ի՛նչպէս կ'ընտրէր Իր աշակերտները եւ թէ Ան ի՛նչ կ'ակնկալէր, որ անոնք ընէին:
Աւելին