«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
ԱւելինԱստուծոյ եւ մարդկութեան թշնամին Քրիստոսով մեր իշխանութիւնը վերադառնալը կ'ատէ եւ ամէն գնով մեր իշխանութիւնը կոտրել պիտի փափաքի. այդ ընելու համար իր առաջին յարձակումը մեր հաւատքի վահանը վերցնել պիտի ըլլայ (Եփ 6.16):
ԱւելինԱստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ երբ լեզուներու պարգեւով կը խօսինք, Աստուծոյ հետ կը խօսինք եւ մէկը մեզ չի հասկնար: Երբ կը սկսինք լեզուներով խօսիլ, օծութեան տակ կ'ըլլանք եւ կը նշմարենք որ բառերը մեր մէջէն կ'ելլեն հրաբուխի նման ու շնչառութիւնը կ'արագանայ:
ԱւելինՅիսուսի եւ Աստուածաշունչին լեզուով կապելով կողոպտելը մեզի կը սորվեցնէ հաւատքով գործի լծուիլ:
ԱւելինԱ.Թգ 10.1-ին մէջ, Սամուէլ իւղի շիշը առաւ եւ Սաւուղին գլխուն թափեց: Իւղը խորհրդանիշ է Սուրբ Հոգիի օծութեան եւ Անոր հովանաւորութեան:
ԱւելինԼեզուներու շնորհքը (Ա.Կր 14.1-38) յափշտակութեան մէջ օտար եւ անծանօթ լեզուներ խօսելու պարգեւ մըն է: Լեզուներու շնորհքով, անձը Աստուծոյ հետ կը խօսի եւ ներքնապէս կը կառուցուի:
ԱւելինՊօղոս առաքեալ հաւատացեալները կը կոչէ դեսպաններ, որոնց միջոցաւ Աստուած կը գործէ եւ Ինքզինք կը յայտնէ (Բ.Կր 5.20):
ԱւելինԱնցեալ նիւթին մէջ (Անձնական Յարաբերութեան Կարեւորութիւնը) տեսանք, թէ Սամուէլի ծերանալէն ետք ժողովուրդը բոլոր միւս ժողովուրդներուն պէս թագաւոր մը ուզեց: Աստուած գիտէր անոնց թագաւոր ուզելու մղումը եւ ճիշդ իրենց ուզածին պէս թագաւոր մը տուաւ՝ Սաւուղը:
ԱւելինՄտ 12.8-ին մէջ, «Որդին մարդոյ շաբաթին տէրն է» ըսելով, Յիսուս Աստուծոյ հաւասար ըլլալը յայտարարեց, որովհետեւ Ծն 2.1-3-ին մէջ Աստուած Շաբաթին տէրն ու հիմնադիրն է: Յիսուս Իր հռչակածը գործնականօրէն փաստելու համար, Շաբաթ օրով մը չորցած ձեռքով մարդ մը բժշկեց (Մտ 12.9-14):
ԱւելինԱստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ ընելու այն ինչ որ պէտք է ընենք: Եթէ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն չունենանք, մեր կեանքին մէջ կ'ըլլայ պարապութիւն մը, զոր կը լեցնենք աշխարհին առաջարկած բաներով:
Աւելին