Սկիզբէն մարդը բժշկութեան պարգեւը չունէր, որովհետեւ մեղքէն առաջ առողջութիւնը սեփական իրաւունք էր մարդուն: Կեանքի ծառը յաւիտենական կեանքի զօրութիւնը կու տար անոր (Ծն 3.22):
ԱւելինԻսկական հանգիստը ֆիզիքական հանգիստը չէ, այլ՝ Քրիստոսով մեր ինքնութիւնը գտնելը:
ԱւելինԱստուածաշունչին մէջ «հրաշագործութիւն» բառը ակնարկութիւն է կենդանի Աստուծոյ գործերուն, որոնք բնութեան եւ ժամանակներուն մէջ կը կատարուին:
Աւելին«Դուն Ա՞ն ես […] Թէ Ուրիշի Մը Սպասենք» (Մտ 11.3): Այս հարցումին պատասխանը Յիսուս Ինք պիտի տար, որպէսզի Յովհաննէս Մկրտիչ եւ անոր աշակերտները իրենց պաշտօնին վերջանալը եւ Մեսիային պաշտօնին սկսիլը իմանային:
ԱւելինԱնցեալ նիւթին մէջ (Ուխտի Տապանակին Գրաւումը) տեսանք, թէ երբ Փղշտացիները պատերազմ պիտի ընէին Իսրայէլի ժողովուրդին դէմ, Իսրայէլի ժողովուրդը Սելովէն Աստուծոյ տապանակը բերաւ: Ժողովուրդը բարձր ձայնով աղաղակեց եւ երկիրը դղրդաց բայց տակաւին Փղշտացիները յարձակեցան եւ յաղթեցին:
Աւելին«Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11.1): Այս հաւատքը ձեռք կը բերենք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, Աստուծոյ խօսքը ընդունելով (Ա.Թս 1.5):
ԱւելինԹէեւ հոգիներ զանազանելու պարգեւը գերբնական պարգեւ մըն է, բայց պէտք է գիտնալ, թէ մարդը արդէն իսկ չափով մը ունի այդ պարգեւը ընկալելու սկզբնական կազմուածքը:
ԱւելինԱստուածաշունչը մեզի կը ներկայացնէ հալածանքներու մէջ գտնուող բայց յաղթող Քրիստոսը եւ կը թելադրէ, որ եկեղեցին հալածանքներու ենթակայ ըլլալով հանդերձ, Անոր օրինակով յաղթող ըլլայ հաւատքի միջոցաւ:
ԱւելինԳիտութեան խօսքը իմաստութեան խօսքին պէս գերբնական յայտնութիւն մըն է:
Աւելին