Դանիէլ Յիսուսի աշխարհ քալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած ըլլալով արձանագրած է տեսիլքներ, երազներ եւ մարգարէութիւններ Մեսիային գալուն, ժամանակներուն վերջին, Հրեաներուն ապագային եւ Աստուծոյ թագաւորութեան գալուն մասին:
ԱւելինՅիսուս կը յայտնէ, թէ երբ թագաւորութիւնը գայ, եւ անոր խորհուրդները սկսին մեր մէջ մուտք գործել, թշնամին չ'ուրախանար եւ խորամանկութեամբ իր գործը կը կատարէ: Ան կը գործածէ մեր մարդկային տկարութիւնները, թագաւորութեան գործին վնաս հասցնելու համար:
ԱւելինԱստուածաշունչին մէջ յիշուած մեղրը Աստուծոյ խօսքն է: Մարդիկ Աստուծոյ բարիքները կը վայելեն երբ խօսքին համաձայն շարժին, բայց շատեր, զանազան պատճառներով, զրկուած կը մնան մեղրէն: Ա.Թգ 14–ին մէջ, Յովնաթան կ'առնէ յանդուգն հաւատքի քայլ մը եւ ատոր պտուղը կ'ուտէ:
ԱւելինԵրկրորդ Հարցում՝ «[...] Քու գալուստիդ […] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»: Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդունող ուսուցիչները այս հարցումը անմիջապէս կը վերագրեն մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին եւ կ'ըսեն թէ Յիսուս պիտի վերադառնայ Մատթէոսի 24.4-22-ին մէջ յիշուած նշաններէն ետք:
ԱւելինՄտ 13.101-ին մէջ, աշակերտները հարց կու տան Յիսուսի ըսելով. «[...]Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»: Առակ բառը Յունարէն բնագիրին մէջ «փարաւոլի՛» (παραβολή [parabole /par•ab•ol•ay/) բառն է, որ կը նշանակէ ձեւ, կերպարանք, համեմատել, քով-քովի դնել եւ բան մը ուրիշ բանի մը հետ բաղդատել:
ԱւելինԻր թագաւորութեան երկրորդ տարին, Սաւուղ 7000 հոգի ընտրեց: Մինչ Սաւուղը եւ իր բանակը Փղշտացիներուն դիմաց կեցած էին պատերազմի համար, Սաւուղին շուրջը գտնուողները թշնամի բանակին զօրութիւնը տեսնելով՝ դողալու սկսան:
ԱւելինՄտ 24.14-20-ին մէջ, Յիսուս աշակերտներուն կ'ըսէ, որ Աւետարանը Երուսաղէմի մէջ յաջող կերպով քարոզուելէ ետք էր միայն որ վերջը պիտի գար, եւ անոնք պէտք էր պատրաստ ըլլային Երուսաղէմէն փախչելու:
ԱւելինԱստուծոյ Խօսքը ստեղծող է (Ծն 1.1-3) եւ ամէն բան Խօսքին համաձայն եղաւ: Աստուծոյ Հոգին ըրաւ գործը, բայց Խօսքը սահմանեց Անոր ընելիքը: Սուրբ Հոգին կը ստեղծէ Խօսքին համաձայն (Սղ 104.30) եւ Խօսքը ընդունիլը Սուրբ Հոգիով նորոգուելու միջոց է:
Աւելին(Ա.Թգ 12.1-5) Սամուէլ խօսեցաւ իր ծառայութիւններուն մասին եւ զանոնք առանց անիրաւութեան եւ արատի ամբողջացնելուն մասին: Ան այդ կոչումը ստացած էր Տիրոջմէն, եւ մարդիկ բնաւ ըսելիք չունէին անոր ծառայութեան դիմաց:
ԱւելինՎախճանաբանութեան (Eschatology) այս նիւթերու շարքը առնուած է Հարոլտ Ռ. Էպըրլիի եւ Մարթին Թրենչի աշխատանքներէն: Վախճանաբանութիւնը կը խօսի վերջին ժամանակներուն մասին, եւ այս ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի աճի եւ շատնայ մինչեւ որ երկիրը լեցնէ:
Աւելին