Աստուածաշունչին մէջ յիշուած մեղրը Աստուծոյ խօսքն է: Մարդիկ Աստուծոյ բարիքները կը վայելեն երբ խօսքին համաձայն շարժին, բայց շատեր, զանազան պատճառներով, զրկուած կը մնան մեղրէն: Ա.Թգ 14–ին մէջ, Յովնաթան կ'առնէ յանդուգն հաւատքի քայլ մը եւ ատոր պտուղը կ'ուտէ:
ԱւելինԵրկրորդ Հարցում՝ «[...] Քու գալուստիդ […] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»: Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդունող ուսուցիչները այս հարցումը անմիջապէս կը վերագրեն մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին եւ կ'ըսեն թէ Յիսուս պիտի վերադառնայ Մատթէոսի 24.4-22-ին մէջ յիշուած նշաններէն ետք:
ԱւելինՄտ 13.101-ին մէջ, աշակերտները հարց կու տան Յիսուսի ըսելով. «[...]Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»: Առակ բառը Յունարէն բնագիրին մէջ «փարաւոլի՛» (παραβολή [parabole /par•ab•ol•ay/) բառն է, որ կը նշանակէ ձեւ, կերպարանք, համեմատել, քով-քովի դնել եւ բան մը ուրիշ բանի մը հետ բաղդատել:
ԱւելինԻր թագաւորութեան երկրորդ տարին, Սաւուղ 7000 հոգի ընտրեց: Մինչ Սաւուղը եւ իր բանակը Փղշտացիներուն դիմաց կեցած էին պատերազմի համար, Սաւուղին շուրջը գտնուողները թշնամի բանակին զօրութիւնը տեսնելով՝ դողալու սկսան:
ԱւելինՄտ 24.14-20-ին մէջ, Յիսուս աշակերտներուն կ'ըսէ, որ Աւետարանը Երուսաղէմի մէջ յաջող կերպով քարոզուելէ ետք էր միայն որ վերջը պիտի գար, եւ անոնք պէտք էր պատրաստ ըլլային Երուսաղէմէն փախչելու:
ԱւելինԱստուծոյ Խօսքը ստեղծող է (Ծն 1.1-3) եւ ամէն բան Խօսքին համաձայն եղաւ: Աստուծոյ Հոգին ըրաւ գործը, բայց Խօսքը սահմանեց Անոր ընելիքը: Սուրբ Հոգին կը ստեղծէ Խօսքին համաձայն (Սղ 104.30) եւ Խօսքը ընդունիլը Սուրբ Հոգիով նորոգուելու միջոց է:
Աւելին(Ա.Թգ 12.1-5) Սամուէլ խօսեցաւ իր ծառայութիւններուն մասին եւ զանոնք առանց անիրաւութեան եւ արատի ամբողջացնելուն մասին: Ան այդ կոչումը ստացած էր Տիրոջմէն, եւ մարդիկ բնաւ ըսելիք չունէին անոր ծառայութեան դիմաց:
ԱւելինՎախճանաբանութեան (Eschatology) այս նիւթերու շարքը առնուած է Հարոլտ Ռ. Էպըրլիի եւ Մարթին Թրենչի աշխատանքներէն: Վախճանաբանութիւնը կը խօսի վերջին ժամանակներուն մասին, եւ այս ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի աճի եւ շատնայ մինչեւ որ երկիրը լեցնէ:
Աւելին«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
ԱւելինԱստուծոյ եւ մարդկութեան թշնամին Քրիստոսով մեր իշխանութիւնը վերադառնալը կ'ատէ եւ ամէն գնով մեր իշխանութիւնը կոտրել պիտի փափաքի. այդ ընելու համար իր առաջին յարձակումը մեր հաւատքի վահանը վերցնել պիտի ըլլայ (Եփ 6.16):
Աւելին