Յիսուս կ'ակնկալէ, որ հաւատանք եւ վստահինք Իրեն եւ մեր կոչումին, ու ապրինք մեր ինքնութեան համաձայն՝ առանց արտօնելու, որ պայմանները տիրեն մեր վրայ եւ ազդեն մեր առնելիք որոշումներուն վրայ:
ԱւելինՅիսուսի առաքելութիւնը ունի արժէքներ եւ սկզբունքներ. անկեղծութիւն, հեզութիւն, ճշմարտութիւն, գործակցութիւն, հաշուետուութիւն եւ ուխտ: Հետեւելու համար կարեւոր է ամբողջ սիրտով, միտքով եւ էութեամբ յարգել Աստուծոյ սկզբունքները եւ անոնց տալ բարձրագոյն իրաւունքը, առանց սակարկելու:
ԱւելինԱյսօրուան նիւթը ցոյց պիտի տայ տաճարին պարիսպէն ներս կատարուածները: Տեսիլքին մէջ, Տիրոջ ձեռքը Եզեկիէլը մտցուց դուրսի գաւիթը, ուր կային սենեակներ եւ գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը (Եզ 40.17-19):
ԱւելինԵզեկիէլին տեսիլքին մէջ,տաճարին շուրջը քառակուսի պարիսպ մը կար (Եզ 40.5): Ասիկա այն պարիսպն է,որ եկեղեցին աշխարհէն կը բաժնէ եւ կը պահպանէ զայն:
ԱւելինԵզեկիէլի մարգարէութեան 40-րդ գլուխէն մինչեւ 48-րդ գլուխը, մարգարէն կը խօսի իր տեսած տեսիլքին մասին: Տեսիլքին մէջ ան կը նկարագրէ հազարամեայ Երուսաղէմը:
ԱւելինԵզեկիէլի մարգարէութիւնը կը խօսի Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ գտնուող յարաբերութեան զանազան խոչընդոտներուն եւ հանգրուաններուն մասին:
ԱւելինԱնցեալ շաբաթ տեսանք Յիսուսի սէրը եւ փափաքը բորոտը բժշկելու եւ զայն իր սիրելիներուն վերադարձնելու (Մտ 8.1-4): Հարիւրապետին ծառային բժշկութեան պատմութեան մէջ կը տեսնենք Յիսուսի փափաքը,գնահատանքը եւ իշխանութիւնը (Մտ 8.5-13: Ղկ 7.1-10):
ԱւելինԼերան քարոզին մէջ Յիսուսի ուսուցումները կը թելադրեն մեր կեանքերուն մէջ ներքին փոփոխութիւն կատարել եւ ո՛չ՝ սոսկ արտաքին ձեւակերպութիւն ընել:
ԱւելինՓրկիչին ծնունդէն առաջ իսկ Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք Անոր մասին: Փրկիչին մասին վկայութիւնները արձանագրուած են Իսրայէլի ժողովուրդին յանձնուած մարգարէութիւններուն մէջ, բայց նաեւ կ'երեւին հեթանոսական վարժութիւններուն եւ Պաղեստինեան պատմութեան մէջ: Անոնք նաեւ կը յայտնուին երկինքի մէջ գտնուող մոլորակներուն ընթացքին ընդմէջէն:
ԱւելինԱյս հատուածին մէջ Յիսուս Աստուծոյ կատարելիքներուն վստահելու վրայ շեշտը կը դնէ: Յիսուս կը թելադրէ աղօթել խնդրելով, փնտռելով եւ դուռը զարնելով:
Աւելին