Յայտնութիւն 11՝ Հրեաներուն Տաճարը Կը Կործանի Մինչեւ այս բաժինը, յայտնի է, որ պատերազմը հոգեւոր մթնոլորտին մէջ էր, որուն բնական (երկրի վրայ) դրսեւորումը կործանումն էր Իսրայէլի երկիրին՝ Երուսաղէմի:
ԱւելինԱյս առակը կը խօսի թէ՛ հրապոյրի եւ թէ բաժանումի մասին: Աստուած իր մօտ կը քաշէ ամէն տեսակ մարդիկ՝ զանոնք թագաւորութեան միացնելու համար: Ապագային, պիտի կատարուի բաժնելու գործողութիւնը, բաժնելու համար չարը բարիէն (Մտ 13.49):
ԱւելինԴատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսաւ (Հռ 2.10). Աստուծոյ ձեւն է նախ Իր ժողովուրդը դատել, ետքը՝ աշխարհը (Ա.Պտ 4.17):
Աւելին«Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն վաճառականին որ թանկագին մարգարիտներ կը փնտռէ» (Մտ 13.45 Ն.Թ.): Աստուած իր թագաւորութիւնը եւ զաւակներ ընտրելու ձեւը կը նմանցնէ մարգարիտի վաճառականի մը, որ կը փնտռէ մարգարիտ եւ ուրիշ բանով հետաքրքրուած չէ:
ԱւելինՅյտ 2, 3 Եօթը եկեղեցիները այդ օրերուն գտնուող եւ զանազան շրջաններու ու մշակոյթներու ու սովորութիւններու մէջ գտնուող եկեղեցիներն էին: Այդ եկեղեցիները կը գոյատեւէին այդ ժամանակուան ազդեցութիւններուն տակ, ինչպէս՝ մշակութային, դիւային, քաղաքական եւլն:
Աւելին«Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ'երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ» (Մտ 13.44):
ԱւելինԱպագայի կատարման կարծիքին եւ մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքին հետեւողները երկուքն ալ կը համաձայնին Յյտ 1-էն 3-րդ գլուխներուն իմաստներուն շուրջ. Յյտ 1-ին մէջ, Յովհաննէս կը խօսի Յիսուսի հանդիպելուն եւ եղածները արձանագրելուն մասին, իսկ Յյտ 2 եւ 3-ին մէջ՝ եօթը եկեղեցիներուն ղրկուած նամակներուն մասին:
ԱւելինՅիսուս ուրիշ օրինակ մըն ալ ըսաւ անոնց.«Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն թթխմորին, որ կին մը առնելով՝ պարկ մը ալիւրի հետ խառնեց, մինչեւ որ ամբողջ խմորը թթուեցաւ»:
ԱւելինԴանիէլ Յիսուսի աշխարհ քալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած ըլլալով արձանագրած է տեսիլքներ, երազներ եւ մարգարէութիւններ Մեսիային գալուն, ժամանակներուն վերջին, Հրեաներուն ապագային եւ Աստուծոյ թագաւորութեան գալուն մասին:
ԱւելինՅիսուս կը յայտնէ, թէ երբ թագաւորութիւնը գայ, եւ անոր խորհուրդները սկսին մեր մէջ մուտք գործել, թշնամին չ'ուրախանար եւ խորամանկութեամբ իր գործը կը կատարէ: Ան կը գործածէ մեր մարդկային տկարութիւնները, թագաւորութեան գործին վնաս հասցնելու համար:
Աւելին