Պօղոս կ'ուզէ ցոյց տալ հիմնական վարդապետական գիտելիք մը, թէ՝ Քրիստոնէական կեանքը յաջողապէս ապրիլը կախեալ է Քրիստոնէական դաստիարակութենէն եւ ուսուցումներէն:
ԱւելինԱյս գլուխին մէջ, Պօղոս կը հետապնդէ հիմնական երկու նպատակներ: 1. Հիանալի առանձնաշնորհում մըն է Քրիստոնեայ ըլլալը: Մեր արդարանալը միայն երկինք երթալու խոստում մը չէ, հապա ներկայ ժամանակին օրհնութեան աղբիւրը վայելելու համար է: 2. Արդարութիւնը եւ օրհնութիւնները մնայուն են: Պօղոս կը փորձէ հաստատել, թէ արդարութիւնը չի կորսուիր, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
ԱւելինԱյս գլուխին մէջ, Պօղոս իր խօսքը կ‘ուղղէ Հռոմի Քրիստոնեաներուն, որոնք կրնան հարցուցած ըլլալ, թէ ի՞նչպէս կրնայ «հաւատքով արդարանալու» գաղափարը կապուիլ իրենց պատմութեան հետ, մանաւանդ որ Պօղոս կ'ըսէր, թէ այդ մասին վկայուած է Օրէնքին ու մարգարէութեան կողմէ (Հռ 4.1-2):
ԱւելինԲնագիրին համաձայն «Դատել» «Գրինօ» բառն է, որ կը նշանակէ բաժնել, ընտրել եւ արժեւորել: Կը նշանակէ նաեւ նախընտրել, օրէնքին դիմել, յարիլ, ենթարկուիլ, յանձնուիլ:
ԱւելինԱյս բաժինին մէջ Պօղոս կը խօսի մեղաւոր մարդուն վիճակին մասին, որ շատ անհաճոյ է, սակայն չենք կրնար անտեսել զայն կամ հրաժարիլ զայն փոխելէն: Այս բաժինը եղափոխութեան մասին չի խօսիր, որուն համար կ'ըսուի, թէ մարդը սկսաւ ցած մակարդակով եւ հասաւ բարձր:
ԱւելինՊօղոս Իր Վստահութիւնը Կը Հաստատէ (Հռ 1.16Ն.Թ.)
ԱւելինՀռ 1.1-32 Ն.Թ. «[…] Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի» (Հռ 1.17): Այս համարին բերած պայծառութեամբ ամենամեծ բարեկարգիչները փրկուած են եւ առաքելութիւն ստացած են:
Աւելին(Բ.Կր 10.3-5) «Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ'ընենք, վասնզի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցները քակելու: Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ'ընենք»:
Աւելին