Այս հատուածով, Յիսուս կը յայտնէ իր սիրտին կեցուածքը: Ան ցոյց կու տայ, թէ Ինք ի՛նչ յարաբերութիւն ունի Աստուծոյ Խօսքին եւ Օրէնքին հետ:
ԱւելինԱստուածաշունչը պատմութեան միջոցաւ մեզի կը յայտնէ,թէ Սուրբ Հոգին ունի ռազմավարութիւն: Այդ ռազմավարութիւնը կը յայտնուի իր ծառաներուն միջոցաւ:
ԱւելինՅիսուս աշխարհի լոյսն է (Յհ 8.12): Ան ճշմարիտ լոյսն է, որ աշխարհ գալով ամբողջ մարդկութիւնը կը լուսաւորէ: Իր երկրաւոր առաքելութեան ժամանակ, Յիսուս մարգարէութեան մէջ քալեց (Մտ 4.12-17) եւ Աստուծոյ խօսքին համաձայն քալելով՝ Ան խաւարը լուսաւորեց (4.16)
ԱւելինԱստուած կ'ակնկալէ, որ մեր կեանքին բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ Իրեն նուիրուած կեանք մը ապրինք: Ընծայումը նուիրումին պտուղն է: Ընծայել բառը յունարէնով «փասիսթեմի» բառն է, որ կը նշանակէ նուիրել, ներկայացնել, ենթարկել, մօտը կամ կողքը դնել եւ մէկը կամ բան մը ուրիշին տրամադրութեան տակ դնել:
ԱւելինՅիսուս կը սորվեցնէր, կը քարոզէր եւ կը բժշկէր: Ան չէր ուզեր, որ մարդիկ պարզապէս լսեն, այլ կը փափաքէր, որ մարդիկ իրմէ սորվին եւ ուրիշներուն սորվեցնեն, կերտուին եւ իրենց կոչումը ստանձնեն:
ԱւելինԱյն նիւթին մէջ պիտի տեսնենք յարութեան սկզբունքներուն շարունակութիւնը՝ 19-րդ սկզբունքէն մինչեւ 26-րդը:
Աւելին