Մր 16.15-ին մէջ կը կարդանք Յիսուսի տուած Մեծ Յանձնարարութիւնը իր աշակերտներուն, որ այսօր մեզի եւս կը վերաբերի:
ԱւելինՇատեր յարութեան լուրը առած կ'ըլլան եւ յարութեան մասին կը գիտնան, բայց տակաւին իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է հանդիպի յարութիւն առնողին, որովհետեւ հանդիպո՛ւմն է միայն, որ կեանքը կը փոխէ:
ԱւելինՄենք շատ բաներ գիտենք հոգեւոր կեանքին վերաբերեալ, սակայն շատ անգամ մեր գիտցածներն ու մեր գործերը իրարու չեն համապատասխաներ:
ԱւելինՈւխտը երկու հոգիներու կամ խումբերու միջեւ կնքուած համաձայնութիւն մըն է: Ուխտը կատարող խումբերը իրարու հանդէպ պատասխանատուութիւն յանձն կ'առնեն: Մենք Աստուծոյ հետ ուխտ մը կատարած ենք եւ շատ կարեւոր է, որ ատոր բռնուած մնանք եւ ատոր համաձայն ապրինք:
ԱւելինԶոյգերուն համաձայնութիւնը կ'ազատէ դժուարութիւններէ, գերութենէ եւ կործանումէ:
ԱւելինԵրբ կը խօսինք յարութեան մասին, գերբնական միջամտութեան մասին կը խօսինք: Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները ասիկա լաւ ճանչնան (Գրծ 1.3) եւ զայն եկող սերունդներուն սորվեցնեն:
Աւելին«Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք» (Ա. Յհ 2.20): Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ մենք գիտենք ամէն բան, զոր պէտք ունինք գիտնալու: Սակայն շատ անգամ ամէն բան մեզի համար յստակ չ'ըլլար:
ԱւելինՅիսուսի խաչելութենէն եւ մահէն ետք, մեծ թիւով հաւատացեալներ ընկճուած էին, որովհետեւ մահուան իրականութիւնը զանոնք բռնած էր եւ յարութեան ակնակալութիւնը կորսնցուցած էին:
ԱւելինԱստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ մենք նոր արարածներ ենք Քրիստոսով (Բ. Կր 5.17): Սակայն կարեւոր է, որ մեր ինքնութիւնը բարձր պահենք, որպէսզի սխալը չտիրապետէ:
Աւելին