Մտ 14.23-33 Մինչ աշակերտներուն նաւակը ալեկոծութեան մէջ բռնուած էր, Յիսուս քալելով ջուրերուն վրայէն իրենց քով եկաւ: Այսպիսով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ իրենց (եւ այսօր ալ՝ մեր) դժուարութիւնները Անոր վրայ չեն տիրեր:
ԱւելինՍամարացի կնոջ պատմութենէն կը սորվինք շատ մը դասեր: Սակայն այսօր կ'ուզեմ կեդրոնանալ Յիսուսի կեանքի ջուր տալուն եւ այդ ջուրը մեր ներսիդին յաւիտենական ջուրի աղբիւրներու վերածուելուն վրայ:
ԱւելինԲեթհեզդայի աւազանին քով կատարուած բժշկութիւնը, բժշկութեան ձեւը եւ Տէր Յիսուսի տուած պատասխանը պատճառ դարձան, որ հրեաները զայրանան եւ ուզեն զԱյն սպաննել:
ԱւելինԵրբ 5000-էն աւելի մարդիկ հաւաքուած էին Յիսուսի խօսքերը լսելու, 4 առաջարկներ եղան այդ մարդիկը կերակրելու համար, սակայն առաջարկներէն միայն մէկը ընդունուեցաւ Աստուծմէ: Տէրը պատանիին առաջարկած քիչը առաւ, ցոյց տալու համար թէ Ինք քիչով կը գոհանայ.
ԱւելինՅիսուս կը խօսի հին տաճարը քանդելու եւ նորը շինելու մասին: Տաճարը կը ներկայացնէ Աստուած մարդ յարաբերութիւնը: Յիսուս առաջարկեց նոր տաճարը երեք օրէն շինել, ակնարկելով իր յարութեան, որով ինք պիտի վերականգնէր մարդը եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը:
ԱւելինԶատիկ բառը եբրայերէնով «փեսախ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ «անցնիլ»: Մովսէսի օրերուն Տէրը Եգիպտոսի երկրին վրայէն անցաւ, եգիպտացիներուն անդրանիկները սպաննեց եւ Իր ժողովուրդին ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ՝ ԶԻՆՔ ՊԱՇՏԵԼՈՒ:
ԱւելինՅիսուսի փրկագործական խաչելութիւնը մեզի կը յայտնէ երեք կարեւոր բաներ. 1. Աշխարհի մեղքին վերցուիլը 2. Թշնամիին ջախջախուիլը 3. Երկինքի օրեր երկրի վրայ
ԱւելինԵրբ մեր կեանքը կ'ապրինք Տիրոջ սիրով եւ ծառայութիւնները կ'ընենք նոյն գիտակցութեամբ, պիտի նկատենք, թէ աւելի հեշտութեամբ եւ առանց բեռնաւորուելու պիտի կատարենք զանոնք:
ԱւելինԶատկուայ տօնին առթիւ, Երուսաղէմ եկած էին հազարաւոր գալիլեացի ուխտաւորներ, որոնք նախապէս տեսած էին Տէր Յիսուսի մեծամեծ գործերը եւ լսած անոնց մասին: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ Տէր Յիսուսը, Անոր Երուսաղէմ մտնելու ատեն:
Աւելին